Պայերն Միւնիխի անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն կարճ զրոյցի մը ընթացքին խոստովանութիւն կատարած է սպանական ֆութպոլի եւ իր ասպարէզի ճամբուն մասին:
«Սպանական ֆութպոլը հսկայական դեր խաղցած է կեանքիս մէջ: Մանկութեան տարիներուս կը հետեւէի Սպանիոյ հաւաքականին: Անոնք կը յաղթէին աշխարհի (Մոնտիալ) ու Եւրոպայի (Եուրօ) ախոյեանութիւններուն, եւ ես մեծ յարգանքով կը հետեւէի անոնց: Մեսսիի եւ Ռոնալտոյի դարաշրջանին Պարսելոնային եւ Ռէալ Մատրիտին հետեւիլը բարձրագոյն մակարդակի ֆութպոլ էր: Բնականաբար հիանալի կը դառնար խաղալ «Լա լիկա»-ին մէջ, ուր ուժերս կրնայի չափել նման ֆութպոլիստներու հետ, սակայն ես Սպանիոյ հաւաքականին մէջ կարելիութիւն երբեք չեմ ունեցած մասնակցելու: Ես երկար տարիներ անցուցի Թոթենհամի հետ ու հոն երջանիկ էի, եւ երբ առիթ եղաւ փոխադրուելու Միւնիխ, ես որոշեցի օգտուիլ այդ առիթէն: Ի վերջոյ իւրաքանչիւրի ասպարէզի ճամբան կը տանի որոշակի վայր, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ ճամբան ինծի բերաւ Միւնիխ, քանի որ, ինչպէս կը տեսնէք, ես հոս շատ ուրախ եմ»:
Ան պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Պալոն տ՛օր»-ի երեկոյի մրցանակաբաշխութեան ժամանակ զրուցա՞ծ է Էմփափէի կամ Եամալի հետ, ան ըսած է. «Ո՛չ, երեկոն շատ իրար անցած էր, ամէն ինչ ձգձգուեցաւ, եւ իմ ելոյթէս ետք բոլորն ալ կը ցանկային վայրկեան մը առաջ տուն վերադառնալ»:
Նշենք, որ Քէյնի պայմանագրութիւնը այս եղանակի աւարտին վերջ կը գտնէ Պայերնի հետ: Քէյն արդէն իսկ իր համաձայնագիրը երկարաձգելու պայմաններուն կը սպասէ, եւ շատ հաւանական է, որ 2 կամ 3 տարի եւս մնայ Միւնիխի Պայերնին հետ:


