Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող նշանառութեան 2026-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի ներկայացուցիչ Էլմիրա Կարապետեան արծաթէ մետալ նուաճեց:
Կարապետեան 6 հանգրուաններու արդիւնքով հաւաքեց 542 կէտ եւ 17 մասնակիցներու պայքարին գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Աշխարհի ախոյեան դարձաւ թուրք Շեվալ Իլայտա Թարհան, որ միայն 4 կէտի առաւելութիւն ունէր (546 կէտ): Ղազախստանի ներկայացուցիչ Իրինա Եունուսմետովա 537 կէտով գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Կարապետեան յատկապէս յաջողութեամբ անցուցած է մրցումներու երկրորդ հարուածը: Վերջին երեք հանգրուաններուն ան յաջորդաբար ձեռք ձգած է 93,94 եւ 95 կէտեր, որոնք զինք բարձրացուցին 2-րդ դիրք:
Նշենք, որ աղջկանց 50 մեթր հեռաւորութենէն ատրճանակով նշանառութիւնը ներառուած չէ Ողիմպիական խաղերուն, հետեւաբար այս մրցաձեւի նուաճած մետալները Ողիմպիական խաղերուն մասնակցութեան իրաւունք չեն ապահովեր:
Նշանառութեան աշխարհի ախոյեանութիւնը Տոհայի մէջ պիտի երկարի մինչեւ 14 նոյեմբեր: Այս մրցաշարքը 2028-ի Ողիմպիական խաղերու զտումի առաջին փուլի մրցումներն են: Ողիմպիական խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Լոս Անճելըսի մէջ, 36 մրցակիցներու տոմսեր պիտի ապահովեն զտումի այս մրցումներուն:
Էլմիրա Կարապետեանի արծաթէ մետալը Հայաստանի հաւաքականին համար կարեւոր նուաճում է տարեշրջանի միջազգային գլխաւոր մրցաշարքերէն մէկուն:


