ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շուշի Արեւելեան Հայաստանի մշակութային մեծ կեդրոն էր: Շուշիի մէջ թատերական աւանդութիւնները ձեւաւորուեցան ԺԹ. դարու կէսերուն:
Շուշիի թատերական պատմութիւնը քաղաքի մշակութային կեանքի աշխուժ դրսեւորումն էր:
Թատրոնը Շուշիի մէջ դարձաւ կրթիչ եւ հանրօգուտ ժամանցի, ինչպէս նաեւ ընկերային շփումներու վայր: Առօրեան ու մշակոյթը, յոյզերն ու զգացումները, գաղափարներն ու քաղաքական ձգտումները միահիւսուած էին թատրոնին շուրջ:
Շուշիի մէջ թատերական առաջին ներկայացումը տրուած է 1848-ին, ռուսական եւ եւրոպական բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ կրթութիւն ստացած եւ հայրենիք վերադարձած շուշեցի խումբ մը երիտասարդներու ուժերով: Անոնք իրենց սեփական նախաձեռնութեամբ բեմադրութիւններ կատարած են, ստանձնելով թէ՛ արական եւ թէ՛ իգական դերերը:
* * *

Շուշիի մէջ թատերական կեանքը աշխուժացաւ դերասաններ Գէորգ Չմշկեանի, Սեդրակ Մանդինեանի եւ Միհրդատ Ամրիկեանի գործունէութեամբ:
Գէորգ Չմշկեան թիֆլիսցի էր եւ թատերական գործունէութիւնը սկսած էր 1863-ին: Ան իր շուրջ համախմբեց հայ թատրոնի լաւագոյն ուժերը եւ առաջինն էր որ կապ ստեղծեց արեւելահայ եւ արեւմտահայ թատրոններուն միջեւ:
Սեդրակ Մանդինեան նոյնպէս թիֆլիսցի էր: Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն եւ Պետերբուրգի, Հայտելպէրկի, Լայփցիկի ու Վիեննայի համալսարաններէն շրջանաւարտ, 1864-ին միացաւ Թիֆլիսի հայկական թատրոնին:
Միհրդատ Ամրիկեան Ջաւախքի Ծինուբան գիւղէն էր: Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի աշակերտական ներկայացումներու կազմակերպիչներէն, թատերական գործունէութեան սկսած էր 1860-ին եւ 1864-ին միացած Չմշկեանի թատերախումբին: Ան Գաբրիէլ Սունդուկեանի կերպարներու առաջին եւ լաւագոյն մարմնաւորողներէն մէկն էր:
Չմշկեան, Մանդինեան եւ Ամրիկեան 1865 յունիսին Շուշիի մէջ թատերախումբ կազմեցին եւ հայ ու օտար հեղինակներէ ներկայացումներ բեմադրեցին:
Չմշկեան իր յուշերուն մէջ մանրամասնօրէն նկարագրած է Թիֆլիսէն Գանձակի վրայով իրենց ճանապարհորդութիւնը Շուշի: Ան կ՛ըսէ, որ Շուշիի մէջ իրենց տուած ներկայացումներուն մեծ յաջողութեան նպաստած է Խանքենդիէն (Ստեփանակերտ) ներկայացումներուն համար զինուորական երաժշտական խումբ հրաւիրելը, ինչ որ ժողովուրդին մէջ խանդավառութիւն ստեղծեց: Ներկայացումներուն կը յաճախէին նաեւ կանայք, որոնց համար յատուկ նստարաններ յատկացուած էին:
Չմշկեանի երեք հոգիէ բաղկացած թատերախումբը, տեղացի երիտասարդներուն եռանդուն մասնակցութեամբ ներկայացուց Սրապիոն Հեքիմեանի «Սամուէլ»-ը, «Վարդան Մամիկոնեան» ողբերգութիւնը եւ տեսարաններ` «Շկոլի վարժապետ»-էն:
Չմշկեանի խումբին ներկայացումները անսպասելի յաջողութիւն ունեցան շնորհիւ Շուշիի երիտասարդութեան արտայայտած մեծ համակրանքին:
Չմշկեան կը գրէ. «Մենք Ղարաբաղում գտանք համակրութիւն, միաբան համակրութիւն, որ այդ համակրութեան սկզբունքների մէջ կար երկպառակութիւն: Կային երկու կուսակցութիւններ` շանշիական եւ սարգսական: Մէկին պատկանում էր հայ պատանեկութեան ուժը, միւսին` մարդկութեան հարուստ դասը, փառասէր եւ շահասիրական նպատակին հետեւող մարդիկ: Մենք գտանք համակրութիւն պատանեկութեան կողմից: Մեզ բաւական էր այդ պատանիների համակրութիւնը, սկսեցինք գործի»:
Չմշկեան կը շարունակէ ըսելով, որ Սեդրակ Մանդինեանի երբեմնի դասընկեր շուշեցի Տէր Յակոբեան զինք եւ իր ընկերները տարած է հեռու, քաղաքէն դուրս եւ կանգնեցուցած քարաշէն շինութեան մը առջեւ եւ ըսած. «Ահա մեր թատրոնը»: Այնուհետեւ Չմշկեան կը նկարագրէ այդ շէնքը. «Մտանք եւ ինչ տեսանք` չորս պատ, մէջը փայտեայ սիւներ, մի քանի տեղ բաժանուած տախտակեայ պատերով, առանց յատակի եւ առանց առաստաղի»: Այդ շէնքին մէջ էր որ Չմշկեան եւ իր ընկերները կազմակերպեցին եւ տուին իրենց առաջին ներկայացումները:
Չմշկեան, Ամրիկեան եւ Մանդինեան Շուշիի թատերական կեանքին հիմնադիրները եղան եւ պատճառ դարձան, որ քաղաքին մէջ 1868-ին յատուկ թատերական բեմ շինուի:
* * *
Պետրոս Ադամեան 1867-էն սկսեալ դերեր ստանձնած էր Պոլսոյ հայկական թատրոններուն մէջ, իսկ 1872-ին միացած էր Պետրոս Մաղաքեանի թատերախումբին: 1879-ին ան հրաւիրուած էր Թիֆլիս, իսկ 1880-ին խաղցած էր Ախալցխայի եւ Ալեքսանդրապոլի թատրոններուն մէջ:
Պետրոս Ադամեան Թիֆլիսէն, իր բարեկամ Տիգրան Նազարեանի խորհուրդով 1882-ի ամրան ուղեւորուեցաւ Շուշի:
Դէպի Շուշի ճամբուն վրայ Ադամեան կանգ առաւ Գանձակի մէջ եւ հոն երկու երեկոյթ տուաւ, ուր հատուածներ արտասանեց Շէքսփիրի «Համլէթ»-էն, Շիլլէրի «Աւազակներ»-էն եւ քանի մը ոտանաւոր` Ռափայէլ Պատկանեանէն:
Սակայն Գանձակի մէջ Ադամեան յաջողութիւն չգտաւ: Ան կը գրէ, որ Գանձակի մէջ իր ներկայացումներուն տեղի հայութիւնը փայլեցաւ իր բացակայութեամբ:
Պետրոս Ադամեան Շուշի հասաւ 23 յուլիս 1882-ին: Իմանալով անուանի դերասանին գալուստը, շուշեցի քսանհինգ երիտասարդներ ձիեր հեծած գացին զայն դիմաւորելու: Տարակուսելով, որ Շուշիի մէջ ալ հասարակութիւնը չի յաճախեր իր երեկոյթներուն, Ադամեան կ՛ըսէ, որ աւելի լաւ է աւանակներու վրայ նստած թատրոն գան, միայն թէ գան, քան թէ զինք ձիերով դիմաւորեն:
Բայց Շուշիի մէջ Ադամեանը շատ լաւ ընդունեցին եւ ցոյց տուին, որ շուշեցիները հիւրասէր են եւ թատերասէր: Ադամեանի տուած չորս ներկայացումները մեծ յաջողութիւն ունեցան:
Պետրոս Ադամեան իր ներկայացումները Տիգրան Նազարեանի մօրեղբայր Համբարձում աղա Հախումեանի տան մէջ բեմադրեց: Հախումեաններու հին եւ մեծ տան վերի յարկին մէջ թատերական աղքատիկ բեմ մը յարմարցուած էր, որ կառուցուած էր Տիգրան Նազարեանի ձեռքով: Ներկայացումները բեմադրուեցան նաեւ քաղաքային ակումբի դահլիճին մէջ:
Շուշիի մէջ Ադամեանի տուած երեկոյթները` «Համլէթ»-էն եւ «Աւազակներ»-էն հատուածներ եւ Գամառ Քաթիպայէն ոտանաւորներ, լայն արձագանգ գտան մամուլին մէջ:
Ադամեանի ներկայացումներու մասին ոգեւորութեամբ կը խօսի Լէօ. «Մինչեւ այժմ էլ թւում է, թէ պահել եմ ականջներիս մէջ մեծ արուեստագէտի շեշտերն ու հնչիւնները»:… «Այսօր էլ դեռ յիշողութեանս մէջ են այն գաւառական դէմքերը, որոնց վրայ շէքսփիրեան հանճարի հրճուանքն էր դրոշմուիլ: Ի՜նչ սքանչելի օրեր էին»:
Պետրոս Ադամեան մէկ ամիս մնաց Շուշիի մէջ եւ մեծապէս ոգեշնչուեցաւ հասարակութեան ջերմ վերաբերմունքէն:
* * *
Աբրահամ Տէր Գասպարեանի եւ Յովհաննէս Ճաղարբէկեանի նախաձեռնութեամբ 1883-ին Շուշիի մէջ տեղացիներէ բաղկացած թատերախումբ կազմուեցաւ: Այնուհետեւ կազմուեցան նաեւ դերասանական շրջիկ խումբեր:
Ներկայացումները գլխաւորաբար ամրան ամիսներուն կը տրուէին, երբ քաղաքի բնակչութեան թիւը զգալիօրէն կ՛աճէր ի հաշիւ տարբեր վայրերէ ամարանոց բարձրացող ընտանիքներու:
Շուշիի ուսանողական խումբերուն նախաձեռնութեամբ պարբերաբար կը բեմադրուէին «Պեպօ», «Էլի մէկ զոհ», «Խաթաբալա», «Քանդած օջախ», «Վարդանանց պատերազմը», «Արշակ Երկրորդ», «Բռնի ամուսնութիւն» եւ «Վո՜ւյ քի իմ վեչեր» թատրերգութիւնները:
Ստեփան Սաֆրազեան Պետրոս Ադամեանի հետ խաղցած էր Ախալցխայի եւ Թիֆլիսի մէջ: Կինը` Ալմա Սաֆրազեան թատերական գործունէութեան սկսած էր Ախալցխայի մէջ: Ստեփան եւ Ալմա Շուշիի մէջ, տեղացի թատերասէրներու հետ բեմադրեցին «Սամուէլ», «Շուշանիկ» եւ «Երուանդ կամ Սանդուխտ կոյս» թատրերգութիւնները:
* * *
Մկրտիչ Խանդամիրեան Շուշիի քաղաքային ակումբը կառուցած Աբրահամ Խանդամիրեանի որդին է: Հայրը զայն ուսման ուղարկած էր Ֆրանսա` մասնագիտանալու մետաքսի արդիւնաբերութեան մէջ: Սակայն Մկրտիչ Փարիզի մէջ թատերական արուեստով տարուած էր եւ հմտացաւ ֆրանսական գրականութեան, երաժշտութեան եւ կերպարուեստին մէջ:
Փարիզէն Շուշի վերադառնալէն ետք Մկրտիչ հօր ձգած ժառանգութեան իր բաժինը նուիրեց մասնագիտական թատրոն ստեղծելու գործին:
Մկրտիչ Խանդամիրեան Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մօտ գտնուող եւ իր հօր կառուցած քաղաքային ակումբի փայտաշէն երկյարկանի շէնքը հիմնովին վերակառուցեց` իբրեւ քաղաքային թատրոն, որ կոչուեցաւ Խանդամիրեան թատրոն:
Քարաշէն թատրոնը դուրսէն կ՛երեւէր երկյարկանի, բայց բակի կողմէն ներքնայարկ ունէր, ուր թատրոնի զարդարանքները կը պահուէին: Առաջին յարկին վրայ կը բնակէր Խանդամիրեան ընտանիքը: Շէնքին կից պտղատու ծառերով այգին էր:

Թատրոնը ունէր 350 հոգինոց դահլիճ, վերնայարկ, երկու օթեակ, դերասաններու զարդասենեակներ, գրադարան եւ հանրակացարան` դերասաններու համար: Թատրոնը նաւթի եւ կազի լապտերներով լուսաւորուած էր: Ճեմասրահը թարմ ծաղիկներով զարդարուած էր: Պատերը հայ, ռուս եւ եւրոպացի դերասաններու եւ թատերագիրներու նկարներով զարդարուած էին: Հանդիսատեսի համար հանգիստի սենեակ նախատեսուած էր, ուր ան կրնար գտնել թերթեր ու ամսագիրներ: Մկրտիչ Խանդամիրեան թատրոնին գրադարանը տեւաբար կը հարստացնէր նոր գիրքերով:
Խանդամիրեան թատրոնը բացուեցաւ 7 յուլիս 1891-ին, Մուրացանի «Ռուզան» թատրերգութեան ներկայացումով: Թատրոնը ունէր մասնագիտացած մնայուն գործող դերասանական կազմ: Ներկայացումները գլխաւորաբար ամրան եւ աշնան կը տրուէին: Ձմրան եւ գարնան շէնքը կ՛օգտագործուէր սիրողական խումբերու ներկայացումներուն համար, եւ համերգներ կը տրուէին: Թատրոնը կը ծառայէր նաեւ իբրեւ հանդէսներու եւ հարսանիքներու կազմակերպման վայր: Թատրոնին մէջ կը ցուցադրուէին նաեւ կրկէսային ներկայացումներ:
Խանդամիրեան թատրոնին մէջ կը բեմադրուէին հայ եւ համաշխարհային հեղինակներու ստեղծագործութիւններ` Պարոնեան, Շիրվանզանդէ, Պուշկին, Գոգոլ, Լերմոնտով, Օստրովսկի, Չեխով, Իպսէն, Սերվանդէս, Շիլլէր, Մոլիէր, Հիւկօ եւ Շէքփսիր:
Հիւրախաղեր ունեցած են Յովհաննէս Աբէլեան, Մարի Զապէլ, Գրիգոր Աբրահամեան, Մաթեւոս Աղայեան, Վարվառա Մելիքեան, Արշակ Յարութիւնեան, Փառանձեմ, Սիրանոյշ, Մարի եւ Վարդիթեր Ֆելեկեաններ, Արամ Վրոյր, Սաթենիկ Ադամեան, Յովհաննէս Զարիֆեան, Գրիգոր Աւետեան, Արուս Ոսկանեան, Օլգա Գուլազեան եւ Վահրամ Փափազեան: Իր երգչախումբով ելոյթ ունեցած է Քրիստափոր Կարա-Մուրզա:

7Հայ-թաթարական 1905-ի կռիւներուն ժամանակ, Շուշիի բազմաթիւ այլ շինութիւններու հետ Խանդամիրեան թատրոնին շէնքը հրկիզուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ: