Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զրոյց SEMAS-ի Պուրճ Համուտի Կեդրոնի Տնօրէն Սեւան Քենտիրճեան-Շերպեթճեանի Հետ

Հոկտեմբեր 7, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ ամիսներուն տեղի ունեցաւ  SEMAS Լիբանանի մրցումը, որուն ընթացքին առաջին հանդիսացաւ SEMAS Պուրճ Համուտի կեդրոնը: Մրցումին եւ ընդհանրապէս SEMAS-ի ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ Պուրճ Համուտի կեդրոնի տնօրէն Սեւան Քենտիրճեան-Շերպեթճեանի հետ:

Սեւան Քենտիրճեան-Շերպեթճեան նկատել տուաւ, որ 2015-ին Այնճարի մէջ հիմնուած է «HKEC», այսինքն` «Hratch Kendirjian Educational Company»-ն, որ արձանագրուած է կառավարութեան կողմէ` որպէս ուսումնական կեդրոն, եւ ինքն է, որ առաջին անգամ SEMAS ծրագիրը բերած է Լիբանան: Ան բացատրեց, որ SEMAS բառը կրճատումն է «Soroban Education Mental Arithmetic System»-ին, աւելցնելով, որ Soroban երբ կ՛ըսենք, կը հասկնանք Abacus: Soroban-ը Abacus-ին ճափոներէնն է, որ գործիք մըն է, որուն վրայ աշակերտները կը սկսին հաշուել եւ ապա գործիքը իրենց դիմաց երեւակայելով, մատները կը շարժեն օդին մէջ` դնելով թիւը, եւ կը կարդան զայն:

Ան ըսաւ, որ SEMAS-ի ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 5-15 տարեկան աշակերտներ:

2015-ին առաջին անգամ Այնճարի մէջ սկսած է դասաւանդուիլ SEMAS-ի ծրագիրը: Ներկայիս Այնճարի կեդրոնը ունի 51 աշակերտ, եւ պատասխանատուն է Արաքս Հերկելեանը:

2016-ին կատարուած է բացումը SEMAS-ի Պուրճ Համուտի կեդրոնին, որ ներկայիս ունի 58 աշակերտ, եւ որուն պատասխանատուն ինքն է` օգնական ունենալով Գարոլ Քէօշկերեանը: Ան յայտնեց, որ նոյն տարին` 2016-ին, կատարուած է բացումը SEMAS-ի Զալքայի կեդրոնին, որ ներկայիս ունի 39 աշակերտ, իսկ պատասխանատուն Սեդա Մթրըպեանն է. իսկ 2018-ին բացուած է SEMAS-ի Զահլէի կեդրոնը, որ ներկայիս ունի 47 աշակերտ, իսկ պատասխանատուն Սիլվա Էքիզեանն է: Այս չորս կեդրոններու ընդհանուր աշակերտութեան թիւն է 195:

Սեւան Քենտիրճեան-Շերպեթճեան դիտել տուաւ, որ այս տարի երեք ամառնային դպրոցներ իրենց ծրագիրներուն մէջ ներառած են SEMAS-ը. Մեսրոպեան վարժարանի «Օվասիս» ամառնային դպրոցը, Ս. Խաչ-Հարպոյեան ամառնային վարժարանը եւ Աղբալեան «Summer camp 2023»-ը:

«SEMAS-ը ուղեղի մարզանք է, ուղեղի ընդհանուր զարգացում, կը պատրաստէ աշակերտը` որեւէ խնդիր մը տեսնելու եւ արագ լուծելու: SEMAS-ի ծրագիրը ամիսը ութ պահ է, շաբաթական երկու անգամ դրութեամբ, իւրաքանչիւրը` մէկ ժամ տեւողութեամբ: Աշակերտները Abacus-ին վրայ կը սորվին գումարում, հանում, բազմապատկում, բաժանում: Տասը աստիճան ունինք: Կը սկսինք տասէն մինչեւ մէկ: Իւրաքանչիւր տարի աշակերտը կ՛ամբողջացնէ երեք աստիճան: Ընդհանուր ծրագիրի տեւողութիւնը երեքուկէս տարի է: Ամէն չորս ամիս մէկ աստիճան երբ աւարտէ աշակերտը, կը ստանայ համապատասխան վկայական», հաստատեց Սեւան Քենտիրճեան-Շերպեթճեան` աւելցնելով, որ SEMAS-ը կը բարելաւէ աշակերտներուն մօտ հետեւեալ մտային կարողութիւնները. մտքի ընդհանուր զարգացում, ընկալման կարողութիւն, յիշողութիւն, ստեղծագործութիւն, կեդրոնացում, IQ-ն աւելի քան 25 կէտով կը բարձրանայ, պատկերաւոր տպաւորութիւն, լսելու-մտածելու կարողութիւն, մտածելակերպ, ինքնավստահութիւն: Ան շեշտեց, որ SEMAS-ի ճամբով կարելի է բացայայտել աշակերտներուն տաղանդները: SEMAS-ի առաքելութիւնն է սորվեցնել եւ մարզել նորահաս սերունդը` համաշխարհային չափանիշներով:

Շարունակելով իր խօսքը` Սեւան Քենտիրճեան-Շերպեթճեան ըսաւ, որ SEMAS Lebanon-ը միջազգային մրցումներու մասնակցած է 2017-ին, Թայլանտի մէջ, իսկ 2018-ին` Հարաւային Ափրիկէի մէջ, եւ ձեռք բերած է պատուաբեր արդիւնքներ, նաեւ` ախոյեանութիւն: Ան բացատրեց, որ SEMAS-ը իր կարգին կը կազմակերպէ ազգային-տեղական մրցումներ Լիբանանի մէջ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պարտադիր կը բերեն SEMAS-ի չորս կեդրոններու աշակերտները: Այս տարի մրցումը տեղի ունեցած է 6 օգոստոսին, Այնճարի մէջ, ՀՄԸՄ-ի «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզադաշտին վրայ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են չորս կեդրոններէ 168 մասնակիցներ եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան ամառնային վարժարանը: Ան շեշտեց, որ մրցումին նպատակն է ոչ միայն օրէնքները յարգել, այսինքն` գերախոյեան, ախոյեան, առաջին, երկրորդ, երրորդ շահողներուն բաժակներ տալ, այլեւ` բոլոր աշակերտներուն բաժակներ բաժնել, որպէսզի իրենց ինքնավստահութիւնը զօրանայ, պատրաստուին յառաջիկայ մարտահրաւէրներուն, սորվին դիմագրաւել դժուարութիւններ, եւ յաջորդ տարի յաւելեալ ջանք թափելով` իրենք տիրանան առաջնակարգ դիրքերու: Ան նկատել տուաւ, որ մրցումին ամէնէն շատ կէտ ապահովող կեդրոնը կը ստանայ մեծ բաժակը, որ կը մնայ իր մօտ ամբողջ տարին, եւ այս տարի Պուրճ Համուտի կեդրոնը տիրացած է անոր:

«SEMAS-ի օրէնքն է, որ եթէ երկիր մը ազգային-տեղական մրցում չէ կայացուցած, չի կրնար միջազգային մրցումին բերել իր մասնակցութիւնը», հաստատեց ան:

Սեւան Քենտիրճեան-Շերպեթճեան ըսաւ, որ 16 օգոստոսին խումբ մը աշակերտներով եւ մեծ բաժակով այցելութիւն տրուած է ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, որ շատ լաւ դիմաւորած է զիրենք, քաջալերած է աշակերտները` շնորհաւորելով զանոնք:

Նկարներ`  Facebook SEMAS LEBANON – HKEC

Նախորդը

Հրաշք Տեղի Կ՛ունենա՞յ

Յաջորդը

Ալքարաս Միշտ Ճոքովիչի Մասին Կը Մտածէ

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?