Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ «ԱՅՐԻՇ ՍԵՆԹՐԸԼ» ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՍԱՄԱՆԹԱ ՓԱՈՒԸՐ ԿՐՆԱՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՐԴ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԴԱՌՆԱԼ

April 5, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սամանթա Փաուըր

Ամերիկեան «Այրիշ Սենթրըլ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի օգնական Սամանթա Փաուըրի մասին հրապարակուած գովասանական յօդուածը բազմապատկած է այն լուրերը, թէ ան կրնայ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ արտաքին գործոց  նախարարը կամ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը դառնալ:

Փաուըր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ եղած է Լիպիոյ նկատմամբ քաղաքականութեան ճարտարապետը եւ Սպիտակ տան մէջ հեղինակութիւն կը վայելէ: Կը նշուի, որ նախագահ Օպամայի նախագահական նստաշրջանի առաջին ժամկէտի աւարտէն ետք, երբ Քլինթըն հեռանայ, Փաուըր կը դառնայ արտաքին գործոց նախարարի իսկական թեկնածու, եթէ Օպամա երկրորդ անգամ ընտրուի: «Սպիտակ տան մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան հարցերուն մէջ անոր ձայնը լսելի է», «Նիւ Եորք Թայմզ»ին ըսած է «Հիումըն Ռայց Ուոչ» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քեննեթ Ռոթ` աւելցնելով. «Ան Օպամայի վրայ ազդեցութիւն ունի»:

Փաուըր 2002-ին «Փուլիցըր» մրցանակին տիրացած էր ցեղասպանութիւններու մասին պատմող «Խնդիր դժոխքէն» գիրքին համար, որուն մէջ կը դիտարկուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան արձագանգը ցեղասպանութեան նկատմամբ: Գիրքին մէջ ան համոզում կը յայտնէ, որ հայերու, հրեաներու, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները տեղի ունեցած են, որովհետեւ պետական իշխանութիւնները աչք փակած են, իսկ առանձին անձեր որոշած են չմիջամտել: «Ամէնէն տարածուած պատասխանը` «մենք չենք գիտեր»ն է, ինչ որ ճիշդ չէ», գրած է Փաուըր:

 

Նախորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ. ԼԻՊԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Յաջորդը

ՊՐԱՅԶԱ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԵՐԸ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ Կ՛ԵՐԹԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔՈՎ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.