Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ. ԼԻՊԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

April 5, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գետնի վրայ զինուորական գործողութիւններուն կողքին, երէկ Լիպիոյ տագնապը լուծելու դիւանագիտական ջանքերը եւս սկսան աշխուժանալու նշաններ ցոյց տալ:

Ֆրանսայէն եւ Քաթարէն ետք Լիպիոյ նախկին գաղութատէր Իտալիան եւս Լիպիոյ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդը ճանչցաւ իբրեւ Լիպիոյ մէջ օրինական միակ իշխանութիւնը: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինի յայտնեց, որ Լիպիոյ տագնապը լուծելու միակ ձեւը գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի եւ անոր ընտանիքին հեռացումն է: Ան ըմբոստները զինելը չբացառեց եւ շեշտեց, որ «Լիպիոյ մէջ իսլամական խալիֆայութիւն պիտի չհաստատուի»: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց, որ Քազզաֆիի պատուիրակ Ապուլաթի Օպէյտիի առաջարկները «հաւաստի չեն», որովհետեւ Քազզաֆիի հեռացման մասին ոչինչ կ՛ըսեն: Օպէյտի կիրակի օր հանդիպում ունեցած էր յոյն պաշտօնատարներու հետ:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Քրուցաս յայտնեց, որ Օպէյտիի խօսքերէն մեկնելով` «կը թուի, թէ վարչակարգը լուծում մը կը փնտռէ»:

Քազզաֆիի պատուիրակը Յունաստանէն ետք մեկնեցաւ Թուրքիա: Անգարա յայտարարեց, որ Քազզաֆիի պատուիրակը Լիպիոյ մէջ զինադուլի հաստատման համար Թուրքիոյ օժանդակութիւնը խնդրած է: Թուրքիա այդ նպատակով առաջարկած է, որ Քազզաֆի հեռանայ իշխանութենէն, իսկ իշխանութիւնը յանձնուի չէզոք կողմի մը: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Քազզաֆիի եւ ըմբոստներու երկու ներկայացուցիչներ երէկ Անգարայի մէջ կը սպասուէին:

Մինչ այդ, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քազզաֆիի որդիներէն Սէյֆուլ Իսլամ եւ Սայիտի առաջարկած են, որ իրենց հայրը հեռանայ իշխանութենէն, դէպի սահմանադրական ժողովրդավարութիւն փոխանցում տեղի ունենայ եւ Սէյֆուլ Իսլամ ստանձնէ փոխանցման շրջանի իշխանութիւնը: Լիպիացի ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման իշխանութիւնը մերժեց այս առաջարկը: Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի, Քազզաֆիի որդիներէն Խամիս եւ Մոթասեմ աւելի կարծր դիրքորոշման տէր են:

Միւս կողմէ, մինչ բրիտանական օդուժի հրամանատարը յայտնեց, որ Լիպիոյ տագնապը կրնայ վեց ամիս տեւել, ըմբոստները երէկ յարձակում գործեցին քարիւղի ռազմավարական քաղաք Պրիքայի դէմ. բուռն բախումները պատճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ: Քազզաֆիի ուժերը իրենց կարգին ռմբակոծեցին Միսրաթան:

Մինչ այդ, թրքական «Անգարա» նաւը Քազզաֆիի կողմէ շրջափակումի ենթարկուած Միսրաթայէն դուրս բերաւ 250 վիրաւորները եւ կայք հաստատեց Պենկազիի մէջ, ուրկէ 60 վիրաւորներ եւ 30 թուրքեր ու 40 յոյներ, ուքրանացիներ, բրիտանացիներ, ուզպեքներ, գերմանացիներ եւ ֆինլանտացիներ առնելով պիտի ուղղուի Թուրքիա:

 

 

Նախորդը

ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԷ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ԱՅՐԻՇ ՍԵՆԹՐԸԼ» ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՍԱՄԱՆԹԱ ՓԱՈՒԸՐ ԿՐՆԱՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՐԴ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԴԱՌՆԱԼ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.