Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իմաքիւլէյթ Ռիֆլեքշընզ» Խորագրեալ Անհատական Ցուցահանդէսին Առիթով. «Քաղցր Ու Դառն Մարտահրաւէրներու Հետքերը Արուեստով Դրսեւորելու Փորձ Մըն Է Կատարածս», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գարամուշ

Հոկտեմբեր 6, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթացիկ 15 սեպտեմբերին բացումը կատարուեցաւ Գարամուշի անհատական ցուցահանդէսին, Համրայի «Ֆորմիքարիա» (Formicaria) սրահին մէջ: Երիտասարդ գեղանկարիչ Մուշեղ Գարավարդանեան (Գարամուշ) ծնած է 1992-ին, Լիբանան: Աւարտելէ ետք Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, մասնագիտացած է արուեստի գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ճիւղերուն մէջ: Նոյնպէս եւ իր բարձրագոյն ուսումը շարունակած է նշեալ ճիւղերուն մէջ եւ ստացած` իր մագիստրոսի վկայականը: Ներկայիս ան կը պատրաստուի հետեւիլ  նոյն ճիւղերու դոկտորայի դասընթացներուն:

Զինք ճանչցողներու վկայութեամբ իսկ, ան փոքր տարիքէն յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է գեղանկարչութեան նկատմամբ: Նոյնիսկ անոր դասագիրքերուն եւ տետրակներուն էջերը խճողուած են փոքր, բայց տպաւորիչ ու խոստմնալից մատնահետքերու գծագրութիւններով, ինչ որ Ճեմարանի գծագրութեան ուսուցիչին ուշադրութիւնը գրաւած է, եւ ան իրեն հետ պաշտօնավարող պատանի Մուշեղին մօրը թելադրած է անպայման զայն գծագրութեան արտադպրոցական դասընթացքի մղել` «Տղադ տաղանդաւոր է, անպայման թող զարգացնէ իր այդ ձիրքը յատուկ հիմնարկի մէջ» ըսելով, միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով զայն «հիւրընկալել» իր հիմնած «Աթըլիէ տ՛ար» (Atelier D՛art) արուեստի կեդրոնին մէջ: Գարամուշ մասնակցած է հայկական, լիբանանեան թէ արտասահմանեան արուեստի զանազան ձեռնարկներու (Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին», «Լիւսի Թիւթիւնճեան», «Կանգառ» Սուր, ժըմմէյզէ, «Արնելի արթ» (Լիբանան), «Նիքի Տիանա Մարքարտ» (Փարիզ) եւ այլ ցուցասրահներու մէջ): Ստեղծագործած է նաեւ կրաֆիթի մարզին մէջ` զանազան ձեւի ու չափի պատկերներ գծելով թաղային պատերու վրայ: Անոր քանդակի թէ գեղանկարչական հարիւրաւոր գործերէն նմուշներ կարելի է գտնել կրթական-միութենական սրահներու թէ օրացոյցի էջերու մէջ (ԼՕԽ…): Արժանացած է մրցանակներու, ինչպէս` Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» հիմնարկին մէջ ուսումը շարունակելու մրցանակ-հրաւէրը եւ այլն: Սակայն Մուշեղ նախընտրած է հետեւիլ իր սիրելի ուսուցիչին եւ, դպրոցի կողքին, աւելի քան հինգ տարի հետեւած է «Աթըլիէ տ՛ար» գեղանկարչական արուեստի մասնագիտական դասընթացքներուն` արուեստագէտ Գրիգոր Արբաճեանի հսկողութեան տակ:

Այս առթիւ «Ազդակ» մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ երիտասարդ գեղանկարիչին հետ:

Ստորեւ` զրոյցին հիմնական մասերը:

 ***

«ԱԶԴԱԿ».- Ձեր այս ցուցահանդէսը կը կրէ «Իմաքիւլէյթ Ռիֆլեքշընզ» (Immaculate Reflections – Անբասիր Արտացոլումներ) խորագիրը, ինչո՞ւ այս պիտակաւորումը, ի՞նչ պատգամ կ՛ուզէք փոխանցել:

ԳԱՐԱՄՈՒՇ.- Ինչպէս անցեալին, նաեւ վերջին տարիներուն մեր շրջապատին մէջ անպակաս էին ցաւալի ու դժբախտ դէպքերը, որոնք մեծապէս ազդեցին մարդկութեան կարեւոր մէկ հատուածին վրայ, ինչպէս` Լիբանանի 4 օգոստոս 2020-ի պայթումը, կամ` 2016-ի եւ ապա 2020-ի 44-օրեայ Արցախի գոյամարտի հետեւանքները, առանց մոռնալու «Քորոնա» ախտավարակին հետեւանքները, որոնք ընդհանուր տագնապի մթնոլորտ ստեղծելով` խորապէս յուսալքեցին զոհերու հարազատներն ու յատկապէս երիտասարդութիւնը` գաղթի թէ մնալու եւ գոյատեւելու, աղէտի դառնութիւնը յաղթահարելու վճռակամութեան ու անորոշութեան ներքին պայքարի մարտահրաւէր ստեղծելով: Իմ գործերուս մեծ մասը կը ցոլացնէ յուսալքումի եւ աղէտի դառնութիւնը յաղթահարելու վճռակամութեան ներաշխարհի պայքարը: Այդ հոգեվիճակը ես նկատեցի երեւակայութեամբս` թափանցելով իմ բարեկամներուս եւ ընկերներուս դէմքի թէ ֆիզիքական համր շարժուձեւերու եւ արտայայտութիւններու ծալքերուն, կամ ինչպէս ծանօթ է` անոնց մարմնալեզուի` «պատի լենկուէյճ»-ին (body language) խորքը: Քաջածանօթ ըլլալով իմ բարեկամներուս մօտ տիրող` աղէտը յաղթահարելու, գոյատեւելու կամքին եւ անոնց նկարագրային անբիծ խառնուածքին ու հետեւելով Սուրբ Գիրքին մէջ (Ծննդոց) նշուած այն տողերուն, որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով, փորձեցի նշեալ այդ հոգեվիճակը դրսեւորել իմ ընկերներուս «լուսաւորուած» (enlightened) դէմքերուն ընդմէջէն: Հակառակ դժբախտութեանց դառն հետեւանքներուն, հակառակ տիրող անորոշ ապագայի մղձաւանջին` մարդիկ, յատկապէս` երիտասարդներ, վճռած են գոյատեւել`  արհամարհելով կեանքի այլազան դժուարութիւնները: Երեւոյթ մը, որ կրնայ օրինակ ծառայել բոլոր անյոյս, շփոթած ու յուսալքուած երիտասարդներուն, ա՛յս է պատգամս: Այլ խօսքով, քաղցր ու դառն մարտահրաւէրներու հետքերը արուեստով դրսեւորելու փորձ մըն է կատարածս»:

«Ա.».- Ցուցասրահին  մէջ ներկայացուած պատկերները կը ցոլացնեն մարդկային ընդվզումի, յուսալքութեան տպաւորութիւններ: Այլ ոլորտներու ալ թափանցա՞ծ են գործերդ: Այսինքն աւելի խանդավառ, յուսադրիչ կամ խոստմնալից գործեր փորձա՞ծ էք:

ԳԱՐԱՄՈՒՇ.- Այո՛, բնականաբար գծած եմ բնութեան տեսարաններ, ընտանեկան պատկերներ, անհատ դիմանկարներ, նաեւ` վերացական գաղափարներ դրսեւորող պատկերներ: Նոյնպէս գծած եմ պատերու վրայ տեսարաններ, որ աւելի ծանօթ է իբրեւ «կրաֆիթի»:

 «Ա.».- Կա՞ն արուեստի դէմքեր, որոնցմէ տպաւորուած կամ ներշնչուած էք: Ինչպիսի՞ նիւթեր կը գործածէք ձեր աշխատանքի ընթացքին:

ԳԱՐԱՄՈՒՇ.- Այո՛, ուսանողութեան տարիներուս մեր դասագիրքերուն միջոցով ծանօթացանք արուեստի տարբեր ժամանակներու, զանազան ճիւղաւորումներու կարկառուն դէմքերուն: Բնական է` տպաւորուած ու ազդուած եմ անոնցմէ ոմանց գործերէն, նոյնիսկ գծած եմ քանի մը դէմքերու գործերէն պատկերներ: Օրինակ` իմ գծած «Մ՛Օլիմփիա» խորագրեալ գեղանկարը ներշնչուած է ֆրանսացի տպաւորապաշտ արուեստագէտ Էտուար Մանէի (1832-1883) հռչակաւոր «Օլիմփիա» (Eduard Manet, Impressionist, Olympia) խորագրեալ գործէն: Մէկ այլ գործս` «Ծովախեցի»-ն, նոյնպէս ազդուած է կանուխ վերածնունդի նշանաւոր արուեստագէտներէն իտալացի Սանտրօ Պոթիչելլիի 1486-ին  ստեղծագործած «Վենիւսի ծնունդը» խորագրեալ գլուխ գործոցէն (Sandro Botticelli, The birth of Venus):

Աշխատանքիս մէջ հիմնականին մէջ գործածած եմ աքրիլիք եւ իւղաներկ, «օյլ փէյնթ», կանվասի վրայ: Ածուխով եւ մատիտով ալ գծած եմ, բայց վերջերս աւելի շատ կը գործածեմ աքրիլիք եւ իւղաներկ:

«Ա.».- Յառաջիկայի նոր ծրագիրներ ունի՞ք: Եթէ տեղական թէ արտասահմանեան ցուցահանդէսի մասնակցելու համար առաջարկ կամ հրաւէր ուղղուի ձեզի, կ՛ընդառաջէ՞ք:

ԳԱՐԱՄՈՒՇ.- Ծրագիրներ շատ կան, սակայն անոնց գործադրութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ քիչ մը դժուար է: Սակայն եթէ պայմանները, յատկապէս` առողջապահական ու ապահովական իմաստով, ձեռնտու ըլլան` ինչո՞ւ ոչ: Տրամադիր եմ իմ մասնակցութիւնս բերելու արուեստի որեւէ նախաձեռնութեան, որ կը կատարուի ի սպաս պատկանած հաւաքականութեանս, ազգիս ու հայրենիքիս բարօրութեան:

«Ա.».- Ներկայիս մեր շրջապատի դէպքերը, յատկապէս` քաղաքական, ապահովական կամ նոյնիսկ ազգային առումով, այնքան ալ դրական կամ խոստմնալից չեն թուիր: Իբրեւ արուեստագէտ, հա՛յ արուեստագէտ, արդեօ՞ք այդ իրադարձութիւնները կ՛ազդեն ձեր ստեղծագործական արդիւնաբերութեան եւ ինչպէ՞ս:

ԳԱՐԱՄՈՒՇ.- Դէպքերը ոչ միայն մեր շրջապատի, այլ համայն աշխարհի մէջ կայուն չեն: Բնականաբար, իբրեւ հայ, խորապէս ցնցուած ենք, յատկապէս` Արցախի թէ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Իմ գործերուս մէջ քանի մը դիմանկարներ պատկերած եմ, ուր խիստ ցցուն կերպով կը ցոլացուի անցեալին թէ ներկայիս Արցախի, կամ որեւէ այլ շրջանի մէջ ջարդերէն ճողոպրած հայորդիներու ապրած ցաւի ու տառապանքի դառնութեան հետքերն ու միաժամանակ գոյատեւելու յոյսերը` գոյներու թէ դէմքերու արտայայտութեանց ընդմէջէն: Ես այդ դիմանկարները «սուրբեր» (saints) կոչած եմ: Այս մէկը նորութիւն չէ: Նաեւ մասնակցած եմ ի նպաստ Արցախի արուեստի հաւաքական նախաձեռնութեան մը: Նոյնպէս յատուկ ոճով դրսեւորած եմ հայ ազգային տօներէն Վարդանանցի, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման յատուկ գեղանկարներ:

«Ա.».- Փակելու համար, ի՞նչ խօսք ունիք ըսելու:

ԳԱՐԱՄՈՒՇ.- Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի իրագործման, յատկապէս` «Էնց» հաստատութեան եւ «Ֆորմիքարիա» սրահի տնօրէն պրն. Վահան Փափազեանին, որ տրամադրեց ցուցահանդէսի սրահը: Նաեւ այս ձեռնարկը կը նուիրեմ սիրելի հօրս յիշատակին, որ նոյնպէս գծելու մէջ «վարպետ» ըլլալով` իր հիմնած «Հայ կրաֆիք արթ սենթըր» հաստատութեան ճամբով խորապէս քաջալերած ու տպաւորած է զիս: Այս առթիւ իմ գործընկերներուս, երիտասարդներուն եւ առհասարակ արուեստագէտներուն կ՛ուզեմ յիշեցնել, թէ արուեստը միջազգային «լեզու» է, որ շրջանցելով աշխարհաքաղաքական, քաղաքակրթական, պատմական թէ լեզուական սահմաններն ու կապանքները` կը թափանցէ մարդկային ընկալումի բոլոր ոլորտներէն ներս: Իրողական երեւոյթ մը, որ կարելի է օգտագործել մեր խօսքն ու պատգամը փոխանցելու` առ ի զօրակցութիւն աշխարհի մէջ գործուած ու դեռ եւս շարունակուող անիրաւութեանց դարմանումի ճիգերուն եւ ի սպաս արդար դատերու լուծման:

Նախորդը

Միջազգային Ուշացած Արձագանգ Արցախի Աղէտին

Յաջորդը

Անյետաձգելին, Որ Կար Երէկ

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?