Կ՛ակնկալուի, որ ՄԱԿ-ի փորձագէտներու խումբը յառաջիկայ օրերուն այցելէ Ղարաբաղի շրջան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքի պետ Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Սի.Պի.Սի. Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ան ըսած է, որ Պաքուն մտադիր է քանի մը օրուան ընթացքին ոչ միայն փորձագէտներու մուտքը արտօնել, այլ նաեւ արտասահմանեան լրատուամիջոցներու:


