Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան` «Եու. Էս. Էյտ»-ի տնօրէն Սամանթա Փաուըր շեշտած է քաղաքացիներու տեղաշարժին, սնունդի եւ դեղորայքի մատակարարումներուն համար Լաչինի միջանցքը ամբողջութեամբ բաց պահելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին Փաուըր ընդգծած է Հայաստան այցելութենէն ետք իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Լաչինի միջանցքը պէտք է ամբողջութեամբ եւ մշտապէս բաց մնայ, որպէսզի քաղաքային անձեր կարենան ազատօրէն երթալ եւ վերադառնալ, համայնքները կարենան օգտուիլ սնունդէն, դեղորայքէն եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներէն, իսկ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարենան այդտեղ տեսնել եւ բաւարարել կարիքները», նշած է Փաուըր:
«Եու. Էս. Էյտ»-ի տնօրէնը շեշտած է Ազրպէյճանի պարտաւորութիւնը` պաշտպանելու խաղաղ բնակիչները, յարգելու մարդոց իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները:


