Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները լիագումար նիստի ընթացքին կը պատրաստուին դատապարտելու Ազրպէյճանի վերջին չարդարացուած յարձակումը, նշուած է Եւրոպական խորհրդարանի կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
Կը հաղորդուի, որ 3 հոկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանը պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութիւնը` Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք:
Բացի ատկէ կը նշուի նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումը յանգեցուցած է հայերու` իրենց տուներէն զանգուածային արտագաղթի:
Քննարկումը պիտի կատարուի 3 հոկտեմբերին Եւրոպական Միութեան խորհուրդին նախագահող Սպանիոյ եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Ազրպէյճանի գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւի քուէարկութիւնը պիտի կատարուի 5 հոկտեմբերին:


