Ռուսիան միշտ պատրաստ է ԱՊՀ երկիրներու հետ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան ընդլայնման համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու:
«Զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան հարցերը մշտապէս կը գտնուին պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ երկկողմ հաղորդակցութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը: Այս առումով կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Ռուսիան միշտ պատրաստ է այս ոլորտին մէջ համագործակցութեան խորացման», ըսած է Շոյկու` Թուլայի մէջ խորհուրդի նիստի բացումը կատարելով:
Նախապէս Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ ԱՊՀ երկիրներու, ներառեալ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը, զինուորական պատուիրակութիւնները հասած են Թուլա` մասնակցելու ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արամ Թորոսեան յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար Սուրէն Պապիկեան չէ մեկնած Թուլա եւ չի մասնակցիր ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին:


