Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Պարբերական Մամուլ

Սեպտեմբեր 27, 2023
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փայլակ», «Ապառաժ» Եւ «Նեցուկ» Թերթերը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախի մէջ պարբերական մամուլի զարգացումը անխզելիօրէն կապուած է Շուշիի հետ: Շուշիի մշակութային աննախընթաց վերելքը շարունակուեցաւ շուրջ մէկ դար:

Շուշիի պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ շուշեցի Նիկողայոս Տէր Աւետիքեանի «Քնար խօսնակ» գրական պարբերական ժողովածուն:

«Քնար խօսնակ» պարբերականը լոյս տեսաւ 1881-ին եւ ունեցաւ միայն մէկ համար:

Նիկողայոս Տէր Աւետիքեան ինք խմբագրեց պարբերականին մէջ զետեղուած նիւթերը եւ կազմեց ու շարադրեց երեսունինը թարգմանութիւններն ու ընդհանուր զարգացման նպաստող տարաբնոյթ նիւթերը: Թարգմանութիւնները կատարուած էին ռուս եւ եւրոպացի հեղինակներէ` Պուշկին, Լերմոնտով, Հայնէ, Կէօթէ, Շիլլէր եւ Պայրըն:

* * *

Աշակերտական «Ծիծաղ» խմորատիպ երգիծական ամսագիրը լոյս տեսաւ 1916-ին, Շուշիի մէջ: Ամսագիրին մէջ արծարծուած են նաեւ երկրի յետամնացութեան, ինչպէս նաեւ սնոտիապաշտութեան, նախապաշարումներու ու գռեհիկ բարքերու վերաբերեալ նիւթեր:

Շուշեցի խումբ մը աշակերտներ 1916-ին հրատարակեցին «Պայքար» խմորատիպ շաբաթաթերթը:

Շուշիի թեմական դպրոցի խումբ մը աշակերտներ 1917-ին հրատարակեցին «Սրինգ» խմորատիպ թերթը: Թերթի հրատարակութեան մէջ մեծ դեր ունեցաւ Եղիշէ Ներսիսեան:

«Աշակերտ» խմորատիպ թերթը հրատարակուեցաւ 1917-ին, Շուշիի թեմական դպրոցի աշակերտներ Լեւոն Վարդունիի եւ Մովսէս Յարութիւնեանի ջանքերով: «Աշակերտ» բաղկացած էր տասներկու փոքրածաւալ էջերէ եւ գլխաւորաբար դպրոցական առօրեայ հարցեր կը լուսաբանէր: Կը տպագրուէին նաեւ երգիծական նիւթեր:

* * *

«Փայլակ» քաղաքական, հասարակական եւ գրական երկօրեայ թերթը Շուշիի մէջ սկսաւ հրատարակուիլ 8 մարտ 1915-ին: Խմբագիր հրատարակիչը Լեւոն Վարդապետեանն էր:

«Փայլակ» իր առաջին խմբագրականին մէջ կ՛ընդգծէ մամուլին կարեւոր դերը ընդհանրապէս, ապա թերթին լոյս ընծայուելու նպատակը կը շեշտէ, թէ ինչ հարցեր պիտի լուսաբանուին անոր էջերուն մէջ, ինչ պիտի ըլլայ անոր մտահոգութեան առարկան:

«Փայլակ» ինքզինք կը դաւանէր իբրեւ սոցիալ-դեմոկրատական լրագիր: Թերթը իր 33-րդ համարէն ունեցաւ «Քաղաքական-հասարակական թերթ» եւ «Պրոլետարներ բոլոր երկրների, միացէ՛ք» վերտառութիւնները: Թերթի խմբագրութեան աշխատանքներուն կը մասնակցէին բոլշեւիկներ եւ մենշեւիկներ:

«Փայլակ» հայ գիւղացիութեան ծայրայեղ աղքատութեան պատճառներ կը նկատէր տնտեսութիւնը վարելու «նահապետական ձեւերն ու միջոցները» եւ պատերազմը:

Թերթը նաեւ կ՛անդրադառնար Արեւմտեան Հայաստանի կացութեան, հայ բնակչութեան հանդէպ թրքական կառավարութեան վարած քաղաքականութեան հետեւանքներուն եւ Շուշիի հայութեան կոչ կ՛ուղղէր օգնելու արեւմտահայ գաղթականներուն:

«Փայլակ»-ի մէջ գրական-գեղարուեստական նիւթերով հանդէս եկած են Գրիգոր Ներսիսեան եւ Լեւոն Վարդունի, իսկ Արցախի եւ արցախցիներու մասին պատմաբանասիրական նիւթերով` Լէօ:

«Փայլակ» լոյս տեսաւ 191 համար, որոնցմէ 1915-ին` 51, 1916-ին` 97 եւ 1917-ին` 43 համար եւ այնուհետեւ դադրեցաւ:

* * *

«Ապառաժ» քաղաքական, հասարակական եւ գրական թերթը Շուշիի մէջ սկսաւ հրատարակուիլ 1917-ին, իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան:

Թերթին երրորդ` 4 յունիս 1917-ի համարին մէջ կ՛ըսուի. «Մենք գիտէինք, որ արդարութեան խօսքն ենք ասում, մենք գիտէինք, որ փշոտ, քարոտ է մեր ճամբան, բայց գիտէինք նաեւ, որ այդ ճամբան է միայն, որ տանում է դէպի ոճրագործ, ժողովրդասպան կառավարութեան ու կարգերի կործանումն:… «Ապառաժ»… վեհ խորհրդանշանն է այն մեծ գործի ու գաղափարի, որ տասնեակ տարիներ շարունակ սոսկալի պայմաններում ապառաժի ամրութեամբ դիմացաւ ամէն տեսակի փոթորիկների»:

Թերթին չորրորդ` 11 յունիս 1917-ի թիւին մէջ կ՛ըսուի, որ «ՀՅ Դաշնակցութեան Շուշու մարմնի գրասենեակը եւ Ապառաժի խմբագրութիւնը գտնւում են Օրիորդաց դպրոցի դիմաց, տուն Միքայէլ Եղիազարեանի: Գրասենեակը եւ խմբագրատունը բաց են առաւօտեան ժամի 10:00-1:00 եւ երեկոյեան 5:00-7:00»:

Հետաքրքրական է թերթին 7-րդ` 2 յուլիս 1917-ի թիւին մէջ լոյս տեսած յայտարարութիւնը, ուր կ՛ըսուի. «Բացուած է աշխատաւորական դպրոց բոլոր արհեստաւորների. անգրագէտ եւ կիսագրագէտ անձինք թող շտապեն կուսակցութեան գրասենեակը` ցուցակագրուելու: Դպրոցի ղեկավար` Ա. Առստամեան»:

«Ապառաժ» Արցախի եւ արցախահայութեան կացութեան վերաբերեալ հաւաստի տեղեկութիւններ կը փոխանցէր:

Թերթին 10-րդ, 20 յուլիս 1917-ի թիւին մէջ կ՛ըսուի. «Նոր չարիք, նոր պատուհաս ժողովրդի համար: Բաւական չեն  պատերազմի արհաւիրքները, համատարած սովն, այժմ էլ աւազակութիւնները, թալաններն են ծայր առնում:… Աղքատացած, հիւծուած գիւղացու ապրուստի միակ միջոցները մնացել են մի քանի լծկան եւ ազատ երթեւեկութիւնը – եթէ դրանից էլ զրկուի, նշանակում է իսպառ կործանուիլ: Իսկ եթէ Եւլախ-Շուշի հաղորդակցութեան գիծը վտանգուի, փակուի, ամբողջ Ղարաբաղը սովի եւ անապահովութեան է մատնւում»:

Թերթին 13-րդ, 30 յուլիս 1917-ի թիւին մէջ կ՛ըսուի. «Չափազանց անմխիթար կացութեան մէջ են մեր գիւղերը. օրէցօր աճող թանգութիւնը քայքայել է առանց այն էր հիւծուած գիւղը եւ հասցնել ծայրայեղ չքաւորութեան:… Երկարատեւ երաշտը գիւղացուն զրկեց եւ հացից, եւ սերմնացուից եւ անասունների կերից»:

«Ապառաժ» լոյս տեսաւ 34 համար եւ 1919-ին փակուեցաւ:

* * *

«Նեցուկ» հասարակական քաղաքական լրագիրը Ռուսաստանի սոցիալ-դեմոկրատական բանուորական կուսակցութեան (բոլշեւիկներու եւ մենշեւիկ միջազգայնականներու) Շուշիի կոմիտէին օրկանն էր եւ լոյս սկսաւ տեսնել 18 օգոստոս 1917-էն, «Պրոլետարներ բոլոր երկրների, միացէ՛ք» վերտառութեամբ:

Թերթը իր առաջին թիւին մէջ կը գրէր. «Ասպարէզ է իջնում մեր թերթը պաշտպանելու բանուորութեան եւ սեփականազուրկ գիւղացիութեան շահերը, դասակարգային գիտակցութեան հրաւիրելու ժողովրդական ճնշուած խաւերը: Նա կռուի է կոչուած բուրժուական եւ կալուածատիրական շահերի քաղաքականութիւն վարող հասարակական շերտերի դէմ, որոնք յեղափոխական անուան տակ մթագնում են սեփականազուրկ դասակարգի գիտակցութիւնը, բորբոքում ազգային կրքերը, պարարտ հող պատրաստում մութ խորշերից գլուխ հանող րէակցիոն, յետադէմ շահերի համար: Մեր թերթին է վերապահուած հրապարակ հանել եւ պարզաբանել այն ներհակութիւնը, որ կայ տիրող եւ ճնշուած դասակարգերի մէջ:

«… Դասակարգային կռիւն այն զէնքն է եւ գիտակից պրոլետարիատն այն առաջապահ բանակն է ուրեմն, որոնք միակ կարող են վերջ տալ տիրող տնտեսական¬քաղաքացիական անիշխանութեան»:

«Նեցուկ» իր հինգերորդ` 14 սեպտեմբեր 1917¬ի թիւին մէջ կը գրէր. «Երկիրը քաղցում եւ տանջւում է: Ժողովրդի ամենալայն խաւերը կարիքի եւ զրկանքի են մատնուած: … Բանուորները ստիպուած են պայքարել աշխատավարձի աւելացման համար: Բանուորի ընտանիքը գիւղացու ընտանիքից տարբերւում է նրանով, որ նա իր տանը ոչինչ չի արտադրում, այլ բոլորը առնում է: Բանուորը չի ապրում իր սեփական խրճիթում, այլ ուրիշից է վերցնում կացարան ¬ այդ ամէնը ունենալու համար նա վճարում է իր աշխատավարձից: Բանուորը իր ամբողջ արտադրական ուժը տալիս է գործատիրոջ: Նրա ընտանեկան տնտեսութիւնը միայն սպառողական է: Ահա թէ ինչու կեանքի թանգութիւնը զգալի հարուած է հասցնում հէնց բանուոր դասակարգին»:

* * *

«Ղարաբաղի սուրհանդակ» թերթը հրատարակուեցաւ 29 օգոստոս 1918¬ին, իբրեւ Ղարաբաղի ընդհանուր համագումարին (22 յուլիս 1918) ստեղծուած ժողովրդական կառավարութեան օրկան:

Թերթին մէջ հրատարակուեցան ծրագրային շարք մը փաստաթուղթեր, շրջաբերականներ, կարգադրութիւններ եւ այլ նիւթեր:

Թերթը լոյս տեսաւ միայն մէկ համար եւ այնուհետեւ փակուեցաւ:

* * *

«Արցախ» թերթը հիմնուեցաւ 1919¬ին, իբրեւ Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի օրկան:

«Արցախ»¬ի մէջ տպագրուեցան պաշտօնական նիւթեր, կոչեր եւ շրջաբերականներ: Եօթներորդ համարին մէջ գրուած է «Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի» կոչը:

«Արցախ» լոյս տեսաւ եօթը համար եւ այնուհետեւ դադրեցաւ:

* * *

«Նոր կեանք» թերթը սկսաւ հրատարակուիլ 30 յունուար 1919¬էն:

Առաջին համարին մէջ տպագրուած նիւթերը սոցիալ դեմոկրատական խմբակի անդամներու ստորագրութիւններն էին:

«Նոր կեանք» կ՛ըսէր, որ Ղարաբաղի գիւղացին պիտի չբաւականանայ միայն ազատութեան համար պայքար մղելով. ան պիտի կարենայ իր առտնին կեանքը մշակութային ճանապարհով կարգաւորելու: Ան հանդէս պիտի գայ ոչ միայն իբրեւ կռուող, այլեւ ստեղծագործող: Եւ այդ ստեղծագործական աշխատանքը կատարող մարմինն է, որ պէտք է առաջին հերթին երեւան գայ գաւառին մէջ:

«Նոր կեանք» լոյս տեսաւ վեց համար եւ այնուհետեւ դադրեցաւ:

* * *

«Գիւղացիական կոմունա» թերթը, հայերէն, ռուսերէն եւ թաթարերէն (ազրպէյճաներէն) լեզուներով, լոյս տեսաւ 1920 յուլիսին, Շուշիի մէջ:

Թերթին միայն մէկ համարը լոյս տեսաւ: Սակայն այդ համարն իսկ չէ պահպանուած եւ դժուար է ներկայացնել տպագրուած նիւթերուն բովանդակութիւնը, էութիւնն ու նպատակը:

«Կավկազսկայա կոմունա» ռուսերէն թերթը, «Պրոլետարներ բոլոր երկրների, միացէ՛ք» վերտառութեամբ, լոյս տեսաւ 1920-1921¬ին, Շուշիի մէջ եւ ունեցաւ 106 համար:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայաստանի Խորհրդայնացումը Եւ Թեւան Ստեփանեանի Գլխաւորած Ապստամբութիւնը Արցախի Մէջ
Պատմական

Հայաստանի Խորհրդայնացումը Եւ Թեւան Ստեփանեանի Գլխաւորած Ապստամբութիւնը Արցախի Մէջ

Օգոստոս 13, 2025
Հայ-Թրքական Հաշտութեան Բանակցութիւններ.  Կարմիր Բանակը Իջեւանի Մէջ
Պատմական

Հայ-Թրքական Հաշտութեան Բանակցութիւններ. Կարմիր Բանակը Իջեւանի Մէջ

Օգոստոս 6, 2025
Կարսի Գրաւումը Թրքական Բանակին Կողմէ Բոլշեւիկներու Դէմ Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Ոյծի Ճակատամարտը
Պատմական

Կարսի Գրաւումը Թրքական Բանակին Կողմէ Բոլշեւիկներու Դէմ Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Ոյծի Ճակատամարտը

Յուլիս 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?