Անգարան Մոսկուայի հետ տակաւին չէ քննարկած Փութինի, Էրտողանի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի հանդիպման առաջարկը, սակայն ծրագիրներ կան: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Անգարայի մէջ դիւանագիտական աղբիւրը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերջերս առաջարկած էր Արցախի հարցով Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու քառակողմ հանդիպում կատարել:
«Այդպիսի առաջարկ ըրած ենք: Այսինքն` ես, Փութինը, Իլհամ Ալիեւը եւ Փաշինեանը: Ես ըսած եմ` եկէք հանդիպինք, միասին քննարկենք քայլերը, որ պէտք է կատարուին: Տուեալ պահուն այս առաջարկին ո՛չ բացասական, ո՛չ դրական պատասխան ստացած ենք», ըսած էր Էրտողան:
Անոր համաձայն, քառակողմ հանդիպումի նախաձեռնութեան նպատակն է, որ բանակցութիւնները վարեն նոյնինքն այն երկիրներու ղեկավարները, որոնք առնչութիւն ունին խնդիրին, այլ ոչ թէ Արցախի նիւթին հետ կապ չունեցող կողմերը: