Ինչպէս ծանօթ է, «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն հիւրընկալ երկիրն է Գերմանիա:
«Ֆութի-Հետլայնզ» ներկայացուց այս ախոյեանութեան պաշտօնական գնդակը:
Գնդակին հեղինակը «Ատիտաս» գերմանական ընկերութիւնն է:
Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի, 14 յունիսէն 14 յուլիսին, գերմանական տասը քաղաքներու մէջ: