Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան (ողիմպիականի համար վարկանշային) 65 քկ դասակարգի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վազգէն Թեւանեան ջախջախիչ յաղթանակով մը 12-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ազրպէյճանցի իր մրցակիցը` Հաճի Ալիեւը, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Եւրոպայի գործող ախոյեան Թեւանեան իր մրցումներուն սկսած էր 1-16-րդ հանգրուանէն, երբ 9-0 արդիւնքով յաղթած էր չէզոք դրօշի տակ հանդէս եկող Նուրկիւն Սքրիապինին (Պիելոռուսիա):
Կիսաւարտականին սակայն, Թեւանեան դժբախտաբար 10-9 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց փորթօռիքոցի իր մրցակիցէն` Սեպասթիան Ռիվերայէն:
Սակայն նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, Թեւանեան իրաւունք ստացաւ պայքարելու պրոնզէ մետալին համար:
Ան յաղթելով իր մոլտովացի մրցակիցին, ոչ միայն տիրացաւ պրոնզ մետալին, այլեւ այսպիսով ապահովեց «Փարիզ-2024»-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), իր կարգին ապահովեց «Փարիզ-2024»-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը:
Եւրոպայի եռակի ախոյեան 23 տարեկան Յարութիւնեան, որ պրոնզ մետալին համար իր մղած պայքարին մրցեցաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Մեյիրամպէկ Քարպաուի դէմ, արձանագրեց 11-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Այսպիսով, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան տիրացաւ իր երրորդ պրոնզ մետալին` աշխարհի ախոյեանութեան գծով, առաջինը` ողիմպիականի քաշային կարգին մէջ: