Ինչպէս ծանօթ է, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Ռէալ Սոսիետատի դէմ, 2-1 արդիւնքով:
Իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, արքայական ակումբին գլխաւոր մարզիչ, իտալացի Քարլօ Անչելոթթի, յաղթանակներու քանակով գերազանցեց ֆրանսացի Զինետին Զիտանը եւ բարձրացաւ 2-րդ դիրք:
Անչելոթթի թէեւ ցարդ արձանագրած է 173 յաղթանակ, սակայն ակումբին մրցանշակիրն է Միկել Մունոս, որ արձանագրած է 357 յաղթանակ:
Նշենք, որ 64 տարեկան Անչելոթթիի գլխաւորութեամբ, Ռէալ Մատրիտ ցարդ տիրացած է 10 տիտղոսի: