Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Պաքուն տակաւին յոյս ունի մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու Երեւանի հետ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրին հետ առնչուած հոլովոյթները այժմ ո՞ր փուլի մէջ կը գտնուին, Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը նշած է. «Այս պահուս խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթը կանգ առած է Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան ոչ կառուցողական եւ ոչ անկեղծ դիրքորոշման պատճառով»:
Հաճիեւ կոչ ուղղած է «հայկական ղեկավարութեան ընելու գլխաւոր քայլը` խաղաղութեան համաձայնագիրի տակ ստորագրութեամբ պաշտօնապէս արձանագրել Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, ներառեալ մեր երկրի Ղարաբաղի տնտեսական շրջանը, եւ պարտաւորուելու ապագային ձեռնպահ մնալու մեր երկրի ներքին գործերուն միջամտութենէն, ներառեալ մեր ներքին հարցերէն, ինչպիսին Ղարաբաղի մէջ ազգութեամբ հայկական ծագումով մեր հայրենակիցներու հետ մեր համագործողութիւնն է, բնակչութեան այդ խումբի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման պատրուակով միջազգային հարթակներ դուրս բերելէ:
«Անոնք մեր քաղաքացիներն են, եւ անոնց իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները պիտի ապահովուին Ազրպէյճանի սահմանադրութեամբ: Կարեւոր է, որ Հայաստանը հրաժարի մեր երկրին մէջ անջատողականութիւնը ֆինանսաւորելու եւ բորբոքելու քաղաքականութենէն», նշած է ան: