Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարփենթըր. «Միացեալ Նահանգներ Չեն Կրնար Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Երկխօսութիւն Կատարել Ռուսիոյ Հետ, Կողմերու Որոշումն Է Ռուսական Քննարկումներուն Երթալ, Թէ Ոչ»

Սեպտեմբեր 19, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար երկխօսութիւն կատարել Ռուսիոյ հետ Ղարաբաղի հարցով, սակայն տեղեակ է, որ ռուսերը կողմերը քննարկումներու կը հրաւիրեն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Քարփենթըր` աւելցնելով, որ կողմերուն որոշումն է ատոր երթալ, թէ ոչ:

«Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը ազդած է բազմաթիւ ձեւաչափերու վրայ, որոնց Ռուսիան կը մասնակցէր, որովհետեւ Մոսկուան այնպէս խախտած է միջազգային համակարգի արժեչափերը, որ դժուար է անոր հետ համագործակցութեան ուղիներ գտնել: Սակայն, ատով հանդերձ Միացեալ Նահանգները կեդրոնացուցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմաններու, արդար եւ տեւական խաղաղութիւն գտնելու վրայ: Ատոր համար մենք երկկողմ եւ եռակողմ հանդիպումներու մէջ ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ, կը սատարենք Եւրոպական Միութեան ջանքերուն, յատկապէս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին», ըսած է ան:

«Միեւնոյն ժամանակ, գաղտնիք չէ, որ ռուսերն ալ քննարկումներու կը հրաւիրեն կողմերը, եւ գաղտնիք չէ, որ ռուսերը այդտեղ խաղաղապահներ ունին: Մենք չենք կրնար այս պահուն երկխօսութիւն ունենալ ռուսերու քայլերուն շուրջ, ուստի կողմերը իրենք կ՛որոշեն` կ՛ուզեն ներգրաւուիլ ռուսական քննարկումներուն մէջ, թէ ոչ», շարունակած է Մայքըլ Քարփենթըրը:

Խօսելով միջնորդներուն մասին` ամերիկացի դիւանագէտը ընդգծած է` Միացեալ Նահանգները, ի տարբերութիւն այլոց, Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին դրացի չեն, կողմնակալ շահեր չունին եւ ատով իսկ կրնան առաւել անաչառ ու անկեղծ ըլլալ: Ատիկա, ըստ Քարփենթըրի, կը գիտակցին թէ՛ Երեւանի մէջ, թէ՛ Պաքուի մէջ:

«Կը կարծեմ` երկու կողմերն ալ Միացեալ Նահանգներու ծառայութիւնը կը դիտարկեն իբրեւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ազնիւ եւ անկեղծ ջանք, որովհետեւ մենք կը տեսնենք ատոր առաւելութիւնները երկարաժամկէտ կտրուածքով. մենք դրացի երկիր չենք, ուստի չունինք այն «անձնական» շահերը, որոնք որոշ այլ շրջանային երկիրներ կրնան ունենալ: Եւ ես կը կարծեմ, որ ատիկա կրնայ նաեւ առաւելութիւն ըլլալ Միացեալ Նահանգներուն համար` թոյլ տալով, որ մենք գործի դնենք մեր անաչառ դիւանագիտական գործիքները` այս տարակարծութիւններու լուծման հասնելու համար», շեշտած է ան:

Այս փուլին Ուաշինկթընի համար առաջնահերթութիւն է, որ մարդասիրական բեռները հասնին Ղարաբաղ, եւ այդ ուղերձը Միացեալ Նահանգները ուղղած են Ազրպէյճանին, ըսած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը: Մայքըլ Քարփենթըր մանրամասնած է` կարեւոր է, որ Լաչինի միջանցքը բացուի հիմա, սակայն Միացեալ Նահանգներու համար ընդունելի է նաեւ Աղտամի գործարկումը. «Մենք մեր ազրպէյճանցի գործընկերներուն կ՛ըսենք, որ այդ օգնութիւնը պէտք է անցնի Լաչինի միջանցքով հիմա, սակայն միաժամանակ նաեւ կ՛ըսենք, որ անիկա պէտք է անցնի երկու` թէ՛ Լաչինի ճամբով, թէ՛ Աղտամի: Ո՛ր ճամբով որ կարելի կ՛ըլլայ օր առաջ մարդասիրական աջակցութիւնը հասցնել Լեռնային Ղարաբաղ, ատով ալ պէտք է երթայ»:

«Քանի ամիս է Երեւանը, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն, ամերիկացի քոնկրեսականներ եւ եւրոպացի երեսփոխաններ կ՛ահազանգեն լիակատար շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ սպասուող ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումներու մասին: Արդեօք ԵԱՀԿ-ի մէջ Ամերիկայի դեսպանը կը կիսէ՞ այս մտահոգութիւնները», հարցումին Քարփենթըր պատասխանեց.

«Ես Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութիւնը ծայրայեղ լուրջ կը գնահատեմ, անիկա իսկապէս ծանր է, եւ հրատապ է բաւարարել այդտեղ ապրող մարդոց կարիքները: Այո՛, ինծի համար ասիկա հրատապ խնդիր է, չեմ ուզեր պիտակներ տալ այդտեղ տիրող կացութեան, սակայն կը կարծեմ` Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան դիւանագէտներու պարտականութիւնն է քայլերու ձեռնարկել: Ինքնին հիմա Կովկասի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ խորհրդական Լուի Պոնօ շրջանին մէջ է` կրկին թափ հաղորդելու դիւանագիտութեան: Մենք չենք կրնար հանդուրժել, որ կացութիւնը վատթարանայ: Արդէն մէկ տարիէ աւելի է` Արեւմուտքը` Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը, աշխուժ բանակցութիւններ կը կատարեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ` շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Դատելով այդ հանդիպումներէն` Ուաշինկթընի մէջ տպաւորութիւն է, որ Պաքուն ու Երեւանը կ՛ուզեն երթալ լուծումներու, սակայն կան նաեւ առաւելապաշտական միտումներ», ըսած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը` «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Այո՛, կը կարծեմ` երկուքն ալ կ՛ուզեն լուծումի հասնիլ, սակայն նաեւ կը կարծեմ, որ կան նաեւ առաւելապաշտական միտումներ կամ ցանկութիւն կարգավիճակի յստակ մանրամասնութիւններ ներառելու լուծման մէջ: Ուստի, մենք պէտք է կրկնապատկենք դիւանագիտութիւնն ու հաղորդակցութիւնները` համագործակցելով մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ եւ փորձելով գտնել լուծում: Եւ մենք պէտք չէ որեւէ ջանք խնայենք, որովհետեւ հակառակ պարագային կրնանք տեսնել տագնապի վերսկսում, որ ոչ ոք կ՛ուզէ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Հաճիեւ. «Պաքուն Տակաւին Յոյս Ունի, Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Ստորագրուի»

Յաջորդը

Արթուր Յարութիւնեան Նշանակուեցաւ Արցախի Պետական Նախարար

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?