Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 5-րդ հանգրուանի մրցումները:
Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը եւ երկրի ախոյեանը` Մանչեսթըր Սիթի, արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը, 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Լոնտոնէն, ուր պարտութեան մատնեց Ուեսթ Համը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին պելճիքացի յառաջապահ Ժերեմի Տոքու (46-րդ), փորթուգալցի յառաջապահ Պերնարտօ Սիլվա (76-րդ) եւ նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ (86-րդ):
Սակայն Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, իր դաշտին վրայ նոյն արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պրայթընէն, որ այս տարեշրջանը բաւական լաւ ձեւով սկսած է, արձանագրելով չորս յաղթանակ եւ կրելով պարտութիւն մը միայն:
Լիվըրփուլ, որ հիւրն էր Վուլվզին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: