Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ հսկողութեամբ աշխարհի թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ Լիբանան-Ժամայքա թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցումը:
Միջազգային դասաւորման մէջ 47-րդ դիրքին վրայ գտնուող Լիբանան 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակով մը պարտութեան մատնեց իր հիւրը (դասուած` 60-րդ):
Լիբանանի արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ յաջորդ մրցումին եւս եթէ Լիբանան յաղթանակ արձանագրէ (մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ), պիտի ապահովէ համաշխարհային Ա. դասակարգի իր տոմսը:
Լիբանանի արձանագրած այս յաղթանակէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, որ իր պաշտօնը կը վարէ 2016-էն ի վեր, շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ մրցումին եւս Լիբանանի ազգային խումբը կը շարունակէ իր յաղթական ընթացքը: