Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ սկսած աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Եւրոպայի փոխախոյեան Արման Անդրէասեան տպաւորիչ յաղթանակով մը ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
70 քկ դասակարգի քառորդ աւարտականի ճակատումին, Հայաստանի ներկայացուցիչը, որ մրցեցաւ Ասիոյ ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, Ճափոնի ներկայացուցիչ Եոսինոսուքի Աոյագիի դէմ, գերլարուած պայքարէ մը ետք արձանագրեց 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
1-16-րդ հանգրուանի մրցումին, Եւրոպայի փոխախոյեան Անդրէասեան 5-2 արդիւնքով յաղթած էր Հիւսիսային Մակեդոնիոյ ներկայացուցիչ Ֆաթի Վէյսելիին, իսկ անկէ առաջ Չինաստանի ներկայացուցիչ Նան Քաոյին, 4-1 արդիւնքով:
Դժբախտաբար սակայն, Անդրէասեան չյաջողեցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը, կիսաւարտականին Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Զայն Էլըն Ռեթերֆորտէն 7-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելուն պատճառով:
Նշենք, որ թէեւ այս ախոյեանութիւնը վարկանշային է «Փարիզ-2024»-ի ողիմպիականի խաղերուն համար, սակայն Անդրէասեան հանդէս կու գայ ոչ ողիմպիականի քաշային կարգին մէջ:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի ողիմպիականի քաշային կարգերն են 57 քկ, 65 քկ, 74 քկ, 86 քկ, 97 քկ եւ 125 քկ: