Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՊԱ) կողմէ հրապարակուած աշխարհի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը 4 դիրքի ոստում մը արձանագրելով գրաւեց 83-րդ դիրքը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
2027-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով, Հայաստանի խմբակին մէջ գտնուող Աւստրիա կը գրաւէ 65-րդ դիրքը, իսկ Ալպանիա` 99-րդ դիրքը:
Նշենք, որ հայրենի կազմը զտումի իր առաջին մրցումը կը կատարէ յառաջիկայ տարի` 2024-ին, երբ 22 փետրուարին կը մրցի Աւստրիոյ դէմ: