Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 4-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին եւ Միլանօ քաղաքի տերպիի մրցումին իրարու դէմ մրցեցան երկրի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլանն ու Ա. Սէ. Միլանը:
Մրցումը վերջ գտաւ Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմին` Ինթեր Միլանի ջախջախիչ յաղթանակով` 5-1 արդիւնքով:
Մրցումին 5-րդ վայրկեանին, սքանչելի կոլով մը (տարեշրջանին առաջինը) այս կարեւոր ճակատումին հաշիւը բացաւ Ինթերին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան:
Այդ կոլով չբաւարարուելով, միջնապահ Մխիթարեան 69-րդ վայրկեանին տուպլէ մը իրագործեց (նշանակելով Ինթերի երրորդ կոլը), փոխանցում մը ստանալէ ետք արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեզէն:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ), Ինթերի նշանակած 5-րդ կոլին էսիսթը կատարեց նոյնինքն Մխիթարեան:
Նշենք, որ 34 տարեկան Մխիթարեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, ճանչցուեցաւ մրցումին լաւագոյն խաղացողը:
Այսպիսով, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլան միակ խումբն ըլլալով արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը: