Եւրոպական խորհուրդի նախագահը կարծես չի լսեր, թէ Եւրոպական խորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի մասին ի՛նչ կ՛ըսէ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի նախագահ Նաթալի Լուազօ:
«Ռուսիան լուծում չէ, Թուրքիոյ հետ խորհրդակցիլը լաւ գաղափար չէ: Եւրոպական դիւանագիտութիւնը պէտք է դադրեցնէ յանկարծաբանութիւնները եւ ուժեղանայ», գրած է ան: