Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Սեպտեմբեր 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու  հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը:

Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբին գումարած ժողովը անդրադարձած է հիմնական երկու կարեւոր հարցերու, որոնցմէ առաջինը Արաբական Լիկայի մէջ գումարուած ժողովն էր, որ կը վերաբերէր սուրիացի տեղահանուածներուն եւ անոնց տունդարձին զօրակցելու թղթածրարին:

Ալամէ նշեց, որ այս իմաստով Պու Հապիպ յանձնախումբը տեղեակ պահեց Արաբական լիկայի մէջ կատարուած քննարկումներուն արդիւնքներէն, ինչպէս նաեւ երկու օր առաջ կազմուած նախարարական յանձնախումբէն, որուն պիտի նախագահէ Պու Հապիպ եւ մաս պիտի կազմեն Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնն ու Զինուորական գերագոյն խորհուրդը:

Ալամէ նշեց, որ յանձնախումբը հարց տուաւ նախարարական այդ յանձնախումբին կառուցուածքին մասին` աւելցնելով, որ Պու Հապիպ բացատրեց, թէ այդ յանձնախումբը թեքնիք առաքելութիւն մը ունի կատարելիք:

Ալամէ նշեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական կողմերուն միջեւ տեղահանուածներու հարցով երկխօսութեան պաշտօնական առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պու Հապիպի Նիւ Եորքէն վերադարձէն ետք, այսինքն` սեպտեմբերի աւարտին:

Ալամէ նշեց, որ երկրորդ հարցը, որ քննարկուած է, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումին վերաբերող մանրամասնութիւնն է:

Ան յայտնեց, որ Պու Հապիպ յանձնախումբին ներկայացուցած է այդ իմաստով վերջնական բանաձեւին յանգելու ջանքերը` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ տարուան  պարագային կարելի ըլլայ հին տարբերակով, այսինքն` աւելի քան երկու տարի առաջուան բանաձեւին հիման վրայ երկարաձգել ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ Պու Հապիպ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ: Անոնք համաձայնեցան իրարու միջեւ հանդիպում մը ունենալ սեպտեմբերի աւարտին, երբ Պու Հապիպ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն վերադառնայ: Մըքտատ ողջունեց Պու Հապիպի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան Դամասկոս կատարելիք այցելութիւնը` ընդգծելով Սուրիոյ պատրաստակամութիւնը գործակցելու` ի խնդիր երկու երկիրներու շահերուն ապահովումին:

 

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Նախաձեռնութիւնս Ի Զօրու Է Եւ Պիտի Ապահովէ Ամբողջ Լիբանանի Յաղթանակը»

Յաջորդը

Այն Հելուէի Իրավիճակը Կը Մնայ Զգուշաւոր` Մերթ Ընդ Մերթ Խախտելով Տիրող Կայունութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?