Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Այս մասին յայտնեց Փաշինեանի մամլոյ քարտուղար Նազելի Պաղտասարեան:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ շրջանային հարցերու:
Զրոյցի ընթացքին անոնք ընդգծած են, որ շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ձեռքբերումը պիտի նպաստէ շրջանի բոլոր երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման:
«Կողմերը նշած են, որ պիտի շարունակեն այս ուղղութեամբ դիւանագիտական ջանքերը», իր դիմատետրեան էջին վրայ կը գրէ Պաղտասարեան: