Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար, նախորդ շաբաթավերջին Պոլիվիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, նշանակեց իր կազմին կոլերէն երկուքը (5-1):
Իր նշանակած այդ երկու կոլերուն շնորհիւ, ան Պրազիլի հետ պաշտօնական մրցումներու ընթացքին իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 79-ի:
Այսպիսով, ան գերազանցեց Փելէի հաստատած մրցանիշը. վերջինս անցեալին նշանակած էր 77 կոլ:


