Մետվետեւ Կիսաւարտականին Յաղթեց Ալքարասին
Եւ Աւարտականին Կը Մրցի Ճոքովիչի Դէմ
Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, աղջկանց աւարտական հանգրուանի մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ աշխարհի դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող 19 տարեկան ամերիկացի Քոքօ Կաուֆ, որ 2-6, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 2-րդ դասուած Արինա Սապալենքան (Պիելոռուսիա):
Նշենք, որ այսպիսով Կաուֆ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կրան շլեմի մը մրցաշարքին տիտղոսակիրը կը դառնայ:
Կաուֆ, որ ստացաւ 2000 վարկանշային կէտ, գանձեց նաեւ 3 միլիոն ամերիկեան տոլարի պարգեւավճար:
Իսկ Սապալենքա, որ ստացաւ 1300 վարկանշային կէտ եւ 1,5 միլիոն ամերիկեան տոլար, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ այսօր հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ պիտի գրաւէ պարագլուխի դիրքը` շրջանցելով լեհ Իկա Սվիաթեքը:
Իսկ տղոց մրցաշարքին գծով, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս չյաջողեցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը` 7-6, 6-1, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով երրորդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւէն:
Աւարտականին Մետվետեւ իր դէմ պիտի ունենայ երկրորդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչը, որ կիսաւարտականին իր յաղթանակը արձանագրած էր ամերիկացի Պեն Շելթընի դէմ, 6-3, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով: