Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ուրուկուէյ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չիլին:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Նիքոլա տը լա Քրուզ (38-րդ եւ 71-րդ) եւ Ֆետերիքօ Վալվերտէ (45+2-րդ), իսկ Չիլիի կոլը` Արթուրօ Վիտալ (74-րդ):
Ուրուկուէյ, որ այսպիսով Մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով արձանագրեց իր 12-րդ յաջորդական յաղթանակը, համաշխարհային մրցանիշ մը հաստատեց:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Գերմանիա, որ արձանագրած է յաջորդական տասը յաղթանակ: