Հայաստան տակաւին իր 10 հազար զինուորները դուրս չէ բերած Ղարաբաղէն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Տէօչէ Վելլէ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով` աւելցնելով, որ Հայաստան այդպիսով չէ կատարած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան շարք մը կէտեր:
Ամիրպեքով նաեւ յայտարարած է, որ հայկական կողմը Ղարաբաղի մէջ ծանր սպառազինութիւն ունի եւ կը շարունակէ ականապատումները, չի տրամադրեր ականապատ տարածքներու ճշգրիտ քարտէսներ եւ չի բացայայտեր զանգուածային թաղումներու վայրերը:
«Անոնք բոլորը ռազմական յանցագործութիւններ են, շատ մանրամասնութիւններ չեմ յայտներ, իրաւական գործընթացները կը շարունակուին», յայտարարած է Ամիրպեքով:


