Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքկի խմբակի ռուս համանախագահ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը, շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը:
Պայրամով ընդգծած է, որ «հայկական կողմի յայտարարութիւնները, հռետորաբանութիւնը եւ սադրանքները», որոնք «կը խաթարեն խաղաղութեան օրակարգը եւ ուղղուած են Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան դէմ, կը վնասեն շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն եւ նախաձեռնութիւններուն»:
«Հայաստանը Ազրպէյճանի ներքին գործերուն կը միջամտէ», նշած է ան:
Պայրամով յայտարարած է, որ շրջանին մէջ «լարուած մարդասիրական կացութեան» եւ «շրջափակման առնչուած անհիմն պնդումներու պայմաններուն մէջ Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբու բացման զուգահեռ Բերձորի ճամբու օգտագործումը աշխուժացնելու Հայաստանի մերժումը կը վկայէ, որ կացութիւնը ոչ թէ մարդասիրական, այլ աւելի քաղաքական բնոյթ ունի:
Հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:


