Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով, որ զրոյցը տեղի ունեցած է 1 սեպտեմբերին:
«Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն ազրպէյճանական կողմին մէկ անգամ եւս կոչ ուղղած է վերաբանալու Լաչինի միջանցքը` մարդասիրական, առեւտրական եւ ուղեւորափոխադրումներու համար, միեւնոյն ժամանակ ընդունելով Ազրպէյճանէն լրացուցիչ երթուղիներու կարեւորութիւնը», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ալիեւի հետ զրոյցի ընթացքին Պլինքըն նաեւ ընդգծած է կողմերուն միջեւ երկխօսութեան եւ փոխզիջման անհրաժեշտութիւնն ու փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը:


