Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմափորձերու կատարումը շրջանին մէջ կացութեան կայունացման եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման չի նպաստեր: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Նախ եւ առաջ այս կացութեան մէջ, ի հարկէ, նման ռազմափորձերու կատարումը կայունացման չի նպաստեր: Ամէն պարագայի ատիկա չի նպաստեր շրջանին մէջ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման:
«Ռուսիան կը շարունակէ կատարել անվտանգութեան երաշխաւորի իր գործառոյթները, Ռուսիան կը շարունակէ… մանրակրկիտ, հետեւողական եւ կառուցողական աշխատանքը թէ՛ Երեւանի, թէ՛ ալ Պաքուի հետ», ըսած է Փեսքով` ի պատասխան Քրեմլինի մտահոգութիւններուն մասին հայ -ամերիկեան զինեալ ուժերու յառաջիկայ ռազմափորձերու լոյսին տակ Ազրպէյճանի կողմէ պետութեան սահմանին զօրք մտցնելու մասին Հայաստանի յայտարարութիւններուն առնչուած հարցումին: