Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիապքով. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Հայաստանի Ռազմափորձերը Մոսկուայի Մէջ Կ՛ընկալուին Մտահոգութեան Տարրով»

September 8, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան Հայաստանի մէջ դաշնակիցներու լրջագոյն ուշադրութեան հրաւիրած է անոր, որ Միացեալ Նահանգներու հետ անոնց ռազմափորձերը Մոսկուայի մէջ կ՛ընկալուին մտահոգութեան տարրով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:

Անոր համաձայն, Մոսկուան մեկնելով անկէ, որ անհրաժեշտ է դաշնակցային ոգիով հաւատարիմ մնալ ՀԱՊԿ-ի դաշնակիցներուն հետ վարժանքներու գործելաոճին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր յայտնած էր, որ 11-20 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան հայ-ամերիկեան ռազմափորձեր` խաղաղապահ առաքելութիւններու ծիրին մէջ գործողութենական համատեղելիութեան բարձրացման համար:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքոյի համաձայն, Ռուսիան պիտի շարունակէ ամրապնդել Հայաստանի հետ ռազմաքաղաքական համագործակցութիւնը: Ան «մեծ երազանքներ» կոչած է Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւնները:

Ան ընդգծած է, որ Մոսկուան եւ Երեւանը «պիտի շարունակեն ամրապնդել  զինուորական եւ քաղաքական համագործակցութիւնը»:

«Հայաստանը մեր դաշնակիցն է, եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ մենք մեր յոյսը իրարու վրայ կը դնենք», ըսած է ան:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ ՕԹԱՆ-ի Զարգացման եւրոպական յանձնախումբի նախագահ Կունթեր Ֆելինկեր Հայաստանին կոչ ուղղած էր ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու: Լուրը հետագային հերքուած էր:

 

Նախորդը

Փալոն. «Կովկասի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չըլլայ, Եթէ Ալիեւ Պատասխանատուութիւն Չկրէ Հայ Ժողովուրդին Վրայ Ազրպէյճանի Յարձակումին Համար»

Յաջորդը

Փեսքով. «Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միացեալ Ռազմափորձերու Կատարումը Շրջանին Մէջ Կացութեան Կայունացման Չի Նպաստեր»

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.