Սէուտական Արաբիոյ մէջ սկսած աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան առաջին օրը Հայաստան ունեցաւ երկու ներկայացուցիչ:
Աղջկանց 55 քկ դասակարգին մէջ Իզապելլա Եայլեան եւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան ներկայացուցին Հայաստանը:
Եայլեան, իր ելոյթը հազիւ սկսած, վիրաւորուելով հրաժարեցաւ իր ներկայացումները շարունակելէ:
Իսկ Գրիգորեան, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 190 քկ արդիւնք մը (83 եւ 107), գրաւեց դասաւորման 6-րդ դիրքը:
Այս դասակարգին մէջ, աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ Թայուանի ներկայացուցիչը` Չեն Կուան-Լին (203 քկ):
Նշենք, որ ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութիւնը վարկանշային է «Փարիզ-2024»-ի ողիմպիականի խաղերուն համար: