Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ԵՒՐՕ-2024»-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը այսօր կը կատարէ զտումի իր չորրորդ մրցումը, երբ կը մրցի Թուրքիոյ դէմ, Էսքիշեհիր մարզադաշտին մէջ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հայրենի կազմը ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը (վերջինս` նոյնինքն Թուրքիայէն):
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Խրուաթիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ վիրաւոր է:
Նշուեցաւ, որ Սլովանին մաս կազմող Բարսեղեան, իր ակումբին կատարած վերջին քանի մը մրցումներուն մասնակցեցաւ վիրաւոր վիճակով:
Այսօրուան մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ իտալացի փորձառու իրաւարար Տանիելէ Օրսաթօ:
Ակնկալիքները մեծ են, եւ անկարելի ոչինչ կայ, որ հայրենի կազմը հիւրընկալ կազմէն ապահովէ առաւելագոյն երեք կէտը: