Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Վան կրնայ ունենալ իր նոր սեփականատէրը, այս մասին յայտնեց հայկական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ անգլիական Ռիտինկի նախկին սեփականատէրը` Անթոն Զինկարեւիչ, շատ հաւանաբար, այս անգամ ըլլայ հայկական ակումբին նոր սեփականատէրը:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Վան, որ ունի 4 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը: