Լոնտոնեան Արսենալին մաս կազմող յառաջապահ` Պուքայօ Սաքա յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ճանչցուեցաւ իբրեւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
2022-2023 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչման համար պայքարին ընթացքին 22 տարեկան Սաքա գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Ժուտ Պելինկհամը եւ Պայերն Միւնիխի յառաջապահ Հերի Քէյնը:
Նախորդ 12 ամիսներուն, Սաքա ազգային խումբին հետ կատարեց 10 մրցում եւ նշանակեց 7 կոլ:
Ան Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 28 միջազգային մրցումի: