Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Հանս-Տիեթըր Ֆլիք շատ հաւանաբար կորսնցնէ իր պաշտօնը, եթէ պատահի, որ անոր գլխաւորած կազմը այս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն արձանագրէ անբաւարար արդիւնքներ:
Գերմանական մարզական մամուլին համաձայն, Ճափոնի (9 սեպտեմբեր) եւ Ֆրանսայի (12 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումները վճռորոշ պիտի ըլլան անոր համար:
Նախորդ յունիսին անոր կազմը բաւական ոչ համոզիչ արդիւնքներ արձանագրեց, երբ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ուքրանիոյ հետ, մինչ պարտուեցաւ Լեհաստանէն (1-0) եւ Քոլոմպիայէն (2-0):