Պելճիքացի միջնապահ Եաննիք Քարասքօ սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտէն տեղափոխուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Շապապին` անոր հետ ստորագրելով երեք տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նշուեցաւ, որ 29 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար Շապապ պիտի վճարէ 20-25 միլիոն եւրօ:
Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Շապապ, որ ապահոված է միայն երկու կէտ, կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը: