Դանիացի բերդապահ Քասփեր Շըմայքըլ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ պելճիքական Անտըրլեխթին, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կողմերը իրարու հետ կնքեցին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը` զայն տարիով մը երկարաձգելու կարելիութեամբ:
36 տարեկան բերդապահին նախկին ակումբն էր ֆրանսական Նիսը, որուն հետ ան 2022-2023 տարեշրջանին մասնակցեցաւ 46 մրցումի եւ 13 մրցումի ընթացքին իր բերդը պահեց անառիկ:
Շըմայքըլ, որ նախապէս մաս կազմած է նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի, Լիծ Եունայթըտի եւ Լայսթըր Սիթիի, իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած է 91 անգամ: