Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ.»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս մրցեցաւ 12-րդ դասուած գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ:
20 տարեկան Ալքարաս բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց իր մրցակիցին դէմ` 6-3, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով:
Իր կարգին, կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 3-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ 6-4, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 8-րդ դասուած իր ազգակիցը` Անտրէյ Ռուպլեւը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 2-րդ դասուած Արինա Սապալենքա (Պիելոռուսիա) 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չինաստանի ներկայացուցիչ Քինուեն Զհենկը (23-րդ):