Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Ռազմափորձերու Մասին Տեղեկատուութիւնը Զգօնութեան Առիթ Կը Ստեղծէ»

September 7, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ ռազմափորձերու կատարման մասին տեղեկատուութիւնը զգօնութեան առիթ կը ստեղծէ, յատկապէս ներկայ կացութեան մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Ռազմափորձերուն վերաբերեալ նշեմ, որ անկասկած, նման տեղեկութիւնները զգօնութիւն կը յառաջացնեն, յատկապէս ներկայ կացութեան մէջ: Ուստի Մոսկուան խորապէս պիտի վերլուծէ այս տեղեկութիւնները եւ պիտի հետեւի կացութեան», ըսած է Փեսքով:

Պեզփալքօ. «Հայաստանի Ղեկավարութիւնը Կ՛ուզէ
Խզել Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները»

Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմափորձեր կատարելու Հայաստանի ծրագիրները եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ երկրի նախկին մնայուն ներկայացուցիչը Նետերլանտներու մէջ դեսպան նշանակելը ցուցադրական քայլեր են, որոնք Ռուսիոյ պէտք է ցոյց տան, որ Երեւանը կը ձգտի դէպի Արեւմուտք վերակողմնորոշուիլ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահին առընթեր արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ, քաղաքագէտ Պոկտան Պեզփալքոն:

Նախքան այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած էր, որ սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենան հայ-ամերիկեան ռազմափորձեր, որոնց նպատակը խաղաղապահ առաքելութիւններու ծիրին մէջ փոխադարձ գործունակութեան բարձրացումն է: Երեքշաբթի օր Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ետ կանչած էր ՀԱՊԿ-ի մէջ երկրի մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Պիակովը եւ զինք նշանակած Նետերլանտներու մէջ դեսպան:

Ռուս փորձագէտը յայտնեց. «Նիկոլ Փաշինեան կը ձեռնարկէ շարք մը ցուցադրական քայլերու, որոնք ակնյայտօրէն անընդունելի են Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու համար… Քայլերը պէտք է խորհրդանշեն Հայաստանի վերակողմնորոշումը ռուսական ուղղուածութենէն դէպի արեւմտեան ուղղուածութիւն: Ասիկա յստակ ցուցադրութիւն է առ այն, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ խզել Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները»:

Հայաստանի ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու վտանգ կայ, սակայն քանի տակաւին Հայաստանը այդ կազմակերպութենէն պաշտօնապէս դուրս չէ եկած, փորձագէտը այս բոլոր քայլերը կը նկատէ շանթաժի տարր:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Արծիւ Գործընկեր-2023» Հայ-Ամերիկեան Միացեալ Ռազմափորձեր

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Վերջին Ամիսներու Ընթացքին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Աճող Լարուածութեան

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.