Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալեքսանտրէթի Սանճագը Եւ Քեսապ Ու Շրջակայ Հայկական Բնակավայրերը

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները

September 23, 2026
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապ, ինչպէս նաեւ Մուսա Լեռ եւ յարակից հայկական բնակավայրեր առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Սուրիոյ Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագի կազմին մէջ մտած էին:

Ալեքսանտրէթ

Արդարեւ, առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, եւ Մուտրոսի զինադադարէն մէկ ամիս չանցած, 27 նոյեմբեր 1918-ին ֆրանսական զինուորական իշխանութիւնները իրենց գրաւման ենթարկուած շրջաններու վարչական կազմակերպման ձեռնարկած էին: Հալէպի վիլայէթին մաս կազմող Ալեքսանտրէթի, Անտիոքի, Պէյլանի եւ Հարիմի գաւառներէն կազմաւորուած էր  Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագը:

Ֆրանսական գրաւման զօրքերու հրամանատար եւ Սուրիոյ, Լիբանանի ու Կիլիկիոյ Բարձր կոմիսար զօրավար  Հենրի Կուրօ 1 սեպտեմբեր 1920-ի հրամանագիրով ստեղծած էր Հալէպի, Դամասկոսի, Մեծն Լիբանանի եւ Ալաուիներու պետութիւնները (Ճեպէլ Տրուզի պետութիւնը ստեղծուեցաւ 1921-ին): Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագը Հալէպի պետութեան կազմին մէջ ընդգրկուած էր:

Բարձր կոմիսարի հրամանագիրով Ալեքսանտրէթի Սանճագի տարածքը ընդարձակուեցաւ եւ անոր կազմին մէջ մտաւ Քեննիսպայի գաւառը:

Ալեքսանտրէթի Սանճագի վարչական յատուկ ռեժիմը օրէնքի ուժ ստացաւ 8 օգոստոս 1921-ի հրամանագիրով: Վարչական յատուկ ռեժիմը Հալէպի կառավարութեան իրաւասութիւնները կը սահմանափակէր եւ լայն իրաւասութիւններ կու տար Սանճագի մութասարիֆին:

Բարձր կոմիսարը 21 սեպտեմբեր 1921-ի հրամանագիրով, «տնտեսական պատճառներով» Սանճագէն անջատեց  մեծամասնութեամբ արաբներով բնակեցուած Հարիմի եւ Քեննիսպայի գաւառները:

Անգարայի մէջ 21 հոկտեմբեր 1921-ին, Ֆրանքլին-Պուիյոնի եւ Մուսթաֆա Քեմալի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի 7-րդ յօդուածով պաշտօնապէս կը հաստատուէր Ալեքսանտրէթի յատուկ ռեժիմը եւ թուրքերուն նոր առանձնաշնորհումներ կը խոստացուէին: Յօդուածը կ՛ընդգծէր, որ «Ալեքսանտրէթի Սանճագի շրջանի թուրք ցեղին պատկանող բնակիչները բոլոր դիւրութիւնները կը վայելեն իրենց մշակոյթի զարգացման համար: Թրքերէնը պաշտօնական լեզու կը նկատուի»:

Սուրիական պետութիւններու համադաշնակցութեան կազմաւորումէն ետք, 28 յունիս 1928-ին, Ալեքսանտրէթի Սանճագը, իբրեւ Հալէպի պետութեան մաս, ընդգրկուեցաւ Սուրիոյ համադաշնակցութեան կազմէն ներս, պահպանելով իր յատուկ ռեժիմը:

Լոզանի 24 յուլիս 1923-ի դաշնագիրով միջազգայնօրէն հաստատուեցաւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանագիծը:

Բարձր կոմիսար Մորիս Սերրայի 5 դեկտեմբեր 1924-ի հրամանագիրով Սուրիոյ համադաշնակցութիւնը լուծարքի ենթարկուեցաւ եւ կազմաւորուեցաւ Սուրիոյ պետութիւնը: Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագը, Սուրիոյ պետութեան կազմէն ներս, պահեց իր յատուկ ռեժիմը:

***

Ֆրանսական տիրապետութեան դէմ  1925-ի ամրան Սուլթան Աթրաշի գլխաւորութեամբ ապստամբութիւն բարձրացաւ Ճեպէլ Տրուզի մէջ: Քաֆրի եւ Մազրաայի մէջ ֆրանսական զօրքերը ծանր հարուած ստացան: Կռիւները հասան Դամասկոսի շրջակայքը: Տիւրզիներ այնուհետեւ ետ մղեցին Ճեպէլ Տրուզի վրայ ֆրանսական բանակի յարձակումը: Ապստամբութիւնը ընդգրկեց նորանոր շրջաններ: Հոկտեմբերին (1925) պետեւի ապստամբ ցեղախումբերը մտան Համա: Նոյն օրերուն Դամասկոսի մէջ համաժողովրդական ապստամբութիւն բարձրացաւ եւ Ֆրանսական բանակը թնդանօթի բռնեց քաղաքը:

Ֆրանսական կառավարութիւնը 23 դեկտեմբեր 1925-ին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Բարձր կոմիսար նշանակեց Հենրի տը Ժուվենէլը:

Ֆրանսական բանակը, տիւրզիներու դիմադրութիւնը ճնշելով, 1926-ի ապրիլ 25-ին գրաւեց Սուէյտան: Մինչեւ 1927 ճնշուեցան ապստամբութեան միւս օճախները:

Ֆրանսական իշխանութիւնները, հաշուի առնելով  Սուրիոյ մէջ բարձրացած իրերայաջորդ ապստամբութիւնները, իրենց դիրքերը պահպանելու համար, փորձեցին Թուրքիոյ նեցուկը ապահովել:

Անգարայի մէջ 30 մայիս 1926-ին թուրք-սուրիական բարի դրացնութեան համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ: Այս համաձայնագիրով Ֆրանսա Ալեքսանտրէթի Սանճագի հիւսիսային կողմէն, Փայասի մօտակայքէն մինչեւ Քիլիս հասնող սահմանային գօտիէն հողեր  զիջեցաւ Թուրքիոյ:

Այսպիսով Թուրքիա տիրացաւ Փայասի երկաթուղային կայարանին եւ իրաւունք ստացաւ զինուորական փոխադրումներ կատարելու Փայասէն Մէյտան Էքպէզ եւ Հալէպ կայարաններով:

***

Հենրի Փոնսօ 1926 օգոստոսին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Բարձր կոմիսար նշանակուեցաւ, փոխարինելով Հենրի տը Ժուվենէլը:

Հենրի Փոնսօ 14 մայիս 1930-ին հրապարակեց «Հիմնական սահմանադրական կանոնադրութիւններ» հրամանագիրը:

Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագին վերաբերող բաժինին մէջ կ՛ըսուէր, որ շրջանը կը վայելէ յատուկ կարգավիճակ, եւ յատուկ ռեժիմը կը կարգաւորուի Սանճագի մութասարիֆին եւ վարչական խորհուրդին շնորհուած լիազօրութիւններով:

Սանճագի մութասարիֆը լայն իրաւասութիւններ ունէր եւ Սուրիոյ պետութեան ղեկավարի անունով կը նշանակէր նահիէներու միւտիրները: Վարչական խորհուրդի 12 անդամներէն ինը կ՛ընտրուէին, իսկ մնացեալ երեքը կը նշանակուէին մութասարիֆին կողմէ:

***

Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագը,  յատուկ ռեժիմին եւ «Հիմնական սահմանադրական կանոնադրութիւններ»-ուն համաձայն,  վարչական, տնտեսական եւ մշակութային շատ լայն արտօնութիւններ կը վայելէր: «Թուրք ցեղին պատկանող բնակիչներ»-ը լեզուական ու մշակութային առանձնայատուկ իրաւունքներ ունէին, իսկ թրքերէնը, արաբերէնի կողքին, պաշտօնական լեզու կը նկատուէր:

Սանճագի մութասարիֆը 1923-էն ի վեր թուրք մըն էր` Իպրահիմ Էտհէմ Մունէմ:

Սուրիոյ եւ Լիբանանի Բարձր կոմիսարը Սանճագի մէջ իր փոխ պատուիրակը ունէր, որ կ՛իրականացնէր տեղական գործադիր իշխանութեան լիազօրութիւնները: 1924-էն ի վեր Բարձր կոմիսարի փոխ պատուիրակն էր Փիեռ Տիւրէօ, որ նախապէս Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի հիւպատոս եղած էր, սահուն թրքերէն կը խօսէր եւ մօտիկ յարաբերութիւններ ունէր թուրքերու հետ: Կ՛ըսուի, որ ան եղաւ Սանճագը Թուրքիոյ միացնելու ծրագիրը յղացողը:

Սանճագի ներքին ապահովութեան` ոստիկան-զօրաց հրամանատարութիւնը, ֆրանսացի մէկ սպայի, մէկ ենթասպայի եւ տեղացի հինգ սպաներու ղեկավարութեամբ, ուղղակի փոխ պատուիրակութեան ենթակայ էր:

***

Սանճագի ֆրանսական տեղական իշխանութիւնները, ի հաշիւ եւ յօգուտ թուրք փոքրամասնութեան, միշտ ջանացած էին տեղացի մեծամասնութիւն կազմող արաբները հեռու պահել պատասխանատու պաշտօններէ: Հայերն ալ հեռու պահուած էին պատասխանատու պաշտօններէ:

Պետական բարձր պաշտօնները մեծ մասամբ թուրքերուն ձեռքն էր, մինչդեռ թուրքեր Սանճագի բնակչութեան 23 առ հարիւրը կը կազմէին:

Պետական պիւտճէով պահուող թրքական դպրոցներուն մէջ ուսուցումը ամբողջութեամբ թրքերէնով կը կատարուէր, թրքական պետական ուսումնական ծրագիրով եւ Թուրքիայէն ուղարկուած դասագիրքերով:

***

Ֆրանսական տեղական իշխանութիւնները, «Բաժնէ՛ որ տիրես»-ի քաղաքականութեամբ, Սանճագի բնակչութիւնը ազգային եւ դաւանական պատկանելիութեան հիմամբ միլլէթներու բաժնեցին:

Այսպիսով, մեծամասնութիւն կազմող արաբներէն կազմաւորուեցան արաբ ալաուի, արաբ սուննի, արաբ յոյն ուղղափառ, արաբ յոյն կաթոլիկ, արաբ ասորի-քաղդէացի եւ արաբ բողոքական միլլէթները:

Քեսապ

Թուրքերը, ցեղախմբային թուրքմէնները (որոնցմէ են Քեսապի շրջակայքը, Կասիոս լերան լանջերուն բնակող չանտըրցիները, ինչպէս նաեւ Ամուքի դաշտերուն ու Ամանոսի լեռներուն մէջ կեդրոնացած խաշնարած խմբաւորումները), թրքախօս եւ թրքացած արաբները եւ չերքէզները կազմաւորուեցան իբրեւ թուրք միլլէթ:

Հայերը բաժնուեցան հայ գրիգորեան (առաքելական), հայ կաթոլիկ, լատին եւ  հայ բողոքական միլլէթներու: Անոնցմէ միայն հայ գրիգորեան (առաքելական) միլլէթը պետական պաշտօնական փաստաթուղթերու եւ վիճակագրութիւններու մէջ «հայ համայնք» կը նկատուէր, իսկ միւս յարանուանութիւնները «այլ քրիստոնեաներ» կը նկատուէին:

Սանճագի հայութիւնը միլլէթներու մասնատելով, անոնց թուաքանակը զգալիօրէն նուազ ցոյց կը տրուէր:

Ֆրանսական տեղական իշխանութիւնները Սանճագի բոլոր հայերը անխտիր «գաղթական» եւ «եկուոր» կը ներկայացնէին:

Սակայն շրջանի հայերուն բացարձակ մեծամասնութիւնը բնիկ էր, շատ աւելի հին եւ նախաբնիկ` քան թուրքերը եւ այլ խմբաւորումներ:

Պէյլան

Բնիկ հայկական բնօրրաններ են Քեսապը, Մուսա Լեռը, Պէյլանը, Աթիկը, Սովուք Օլուքը, իսկ Անտիոքի եւ այլ շրջաններու մէջ հայեր ապրած են հին դարերէն:

Անտիոք

Արդարեւ, Անտիոքի հետ հայեր առնչութիւն ունեցած են Մեծն Տիգրանի ժամանակներէն.  բիւզանդական տիրապետութեան ժամանակ հայեր բազմացած են քաղաքին մէջ, մեծապէս օգնած են խաչակիրներուն եւ ազդեցիկ եղած են Անտիոքի դքսութեան կազմէն ներս: Անտիոքի մէջ հայեր իրենց գոյութիւնը պահած էին մեմլուքներու  տիրապետութեան ժամանակ եւ Օսմանեան կայսրութեան կազմէն ներս:

Ալեքսանտրէթի Սանճագի հայութեան  փոքր համեմատութիւնը եկուոր էր: Անոնք Կիլիկիոյ պարպումին ժամանակ, 1921-1922-ին սահմանին միւս կողմը, քանի մը քիլոմեթր անդին մնացած Տէորթ Եոլի եւ շրջակայքի հայեր էին, որոնք գլխաւորաբար Ալեքսանտրէթ քաղաքին, Քրըք Խանի եւ Ռիհանիէի մէջ բնակութիւն հաստատած էին:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան Քեսապի Մէջ Եւ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարանին Բացումը
Պատմական

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան Քեսապի Մէջ Եւ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարանին Բացումը

September 16, 2026
Ուսումնասիրաց Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարանի Նոր Շէնքի Կառուցում.  Տայիի Բեղուն Գործունէութիւնը
Պատմական

Ուսումնասիրաց Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարանի Նոր Շէնքի Կառուցում. Տայիի Բեղուն Գործունէութիւնը

September 9, 2026
Քեսապի Լատինաց Վանական Համալիրի Կառուցումը.  Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն Վարժարանը` Խոչընդոտներու Դէմ Յանդիման
Պատմական

Քեսապի Լատինաց Վանական Համալիրի Կառուցումը. Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն Վարժարանը` Խոչընդոտներու Դէմ Յանդիման

September 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.