Հայաստանի ֆութսալի ախոյեան Երեւան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ֆութսալի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի զտումի մրցումներուն, իր կատարած երկրորդ ճակատումին 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց զուիցերիական Միներվայի հետ:
Հայրենի կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ խմբապետ Ռաֆիկ Մելիքեան, մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Միհրան Դեմենջեան:
Է. խմբակին մաս կազմող Երեւան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 8-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր կիպրական «ԱԷԼ» Լիմասոլէն, իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Ֆիորենթինոյի (Սան Մարինօ) դէմ:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւող կազմերը կ՛ապահովեն յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսը:


