Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալեհի Մեկնումը Եմէնը Պիտի Փրկէ՞ Քաոսէն

March 27, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սալեհի

Եմէնի զօրաւոր մարդը` Ալի Ապտալլա Սալեհ, երեք անգամ խոստացաւ ստորագրել պաշտօնէն հրաժարելու համաձայնագիր մը, եւ երեք անգամ խոստմնադրուժ եղաւ: Բժշկական խնամքի համար երկու անգամ երկրէն մեկնեցաւ (ամէնէն վերջինը` Միացեալ Նահանգներ ուղղուելով) եւ ամէն անգամ իր հայրենակիցները յուսախաբ ըրաւ` հայրենիք վերադառնալով:

Այժմ, վերջապէս, այնպէս կը թուի, թէ արաբական աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրը (եւ ամէնէն հզօր խարիսխը` Քաիտայի), ինքզինք պիտի ձերբազատէ այն մարդէն, որ 33 տարիներ տիրապետեց երկրին:

Փետրուարի երկրորդ կիսուն, Սալեհի փոխնախագահը հզօր աջակցութիւն ստացաւ` մէկ թեկնածուով ընտրութեան մէջ, դառնալով Եմէնի նախագահ:

Շաբաթ, 25 փետրուարին, Ապետ Ռապպօ Մանսուր հատի տուաւ նախագահական իր երդումը եւ, ըստ լրատու գործակալութիւններու, Ապտալլա Սալեհ, որ իր ոճիրներուն համար անձեռնմխելիութիւն ստացած է, կը պատրաստուի աքսորի մեկնելու, Եթովպիա:

Ասիկա անշուշտ յառաջընթաց է Եմէնի համար, որ տարիէ մը ի վեր անդամալուծուած էր իշխանութեան համար բազմակողմանի պայքարով:

Սալեհի մեկնումը նուաճում մըն է Միացեալ Նահանգներու (երկարատեւ հովանաւորը անոր կառավարութեան), ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներուն համար, որոնց միջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ անցումը:

Այսուհանդերձ, տակաւին միայն սկիզբն է առաքելութեան, որ կը նպատակադրէ վերահաստատել կայունութիւնը, վերակառուցել տնտեսութիւնը, սնուցանել խոստացուած ժողովրդավարութիւնը եւ չէզոքացնել, վերացնել Քաիտայի սպառնալիքը:

Մէկ վտանգը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց ուշադրութիւնը այս նպատակներէն վերջինին վրայ պիտի սեւեռեն` մնացեալ երեքին հաշուոյն:

Պէտք է ըսել, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին սլաքավարը, Եմէնի համար, եղած էր Սպիտակ տան հակաահաբեկչական պայքարի խորհրդատու Ճոն Օ. Պրեննան, որ երեք տարուան մէջ 7 անգամ Եմէն այցելեց:

Հատի

Վարչակազմը իրաւացիօրէն աշխատանք կը տանի վերակազմակերպելու համար Եմէնի ապահովական ուժերը: Անոնք կարգ մը զինուորական հրամանատարներ պիտի ղրկեն իրենց ցարդ վայելած անսահման լիազօրութիւններէն. անոնցմէ ոմանք այժմ կը գործեն իբրեւ իրական «պատերազմի իշխաններ»:

Յստակ չէ սակայն, թէ Սալեհի որդին եւ զարմիկները, որոնք բանալի միաւորներու հրամանատարներ են, պիտի զինաթափուի՞ն: Եթէ ոչ, անոնք կրնան փորձել յաւերժացնել իրենց հօր միապետութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը ծրագրէ շարունակել, այսպէս կոչուած, «բզզիւն յարձակումները» (առանց օդաչուի օդանաւերով յարձակումներ. Ա.) եւ այլ յատուկ գործողութիւններ, ընդդէմ` Քաիտայի առանցքային գործիչներու, նոյն ատեն մղելով Եմէնի վերակազմակերպուած բանակը` կրկին տիրանալու Քաիտայի գրաւած երկրի հարաւային շրջաններուն:

Հիւսիսի մէջ անջատողականները, որոնց հաւանաբար Իրան կ՛աջակցի, պէտք է հաշուեյարդարի ենթարկուին բանակցութիւններու կամ ուժի միջոցով:

Բայց եթէ Եմէն աւելի երկար ժամկէտով պէտք է կայունացնել, անհրաժեշտ է մղել Հատիի կառավարութիւնը` հետեւելու Եմէնի ժողովրդավարութեան կողմնակից շարժումին հետ խոստացուած երկխօսութեան` նոր սահմանադրութեան մը եւ երկու տարուան մէջ իսկական ժողովրդավարական ընտրութեան պատրաստութեան շուրջը:

Ուսանողներն ու քաղաքացիական հասարակութեան ղեկավարները, որոնք տարի մը առաջ Եմէնի մէջ սկսան յեղափոխութիւնը, եւ որոնք Սալեհի ուժերուն շղթայազերծած արիւնալի յարձակումներէն փրկուեցան, գոյատեւեցին, ցարդ դուրս մնացած են անցումային ծրագիրէն:

Անոնց այն պահանջը, որ Սալեհ պէտք է պատասխանատու նկատուի ճնշումներուն համար, անտեսուած, անպատասխան մնացած է:

Թերեւս ատիկա անհրաժեշտ էր մարելու համար պատրոյգը հակամարտութեան, տագնապի մը, որ կը սպառնար վերածուիլ քաղաքացիական պատերազմի, կամ` Սոմալիի ոճով անիշխանութեան:

Բայց եթէ Միացեալ Նահանգներ շարունակեն Եմէնի տնտեսական բարգաւաճումին եւ քաղաքական անկախացման կարճաժամկէտ շահերը սակարկել, Ուաշինկթըն սուղ գին պիտի վճարէ, երբ այդ հսկայ եւ անհանդարտ, անհանգիստ երիտասարդ սերունդը իշխանութեան գայ:

«ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ»-Ի
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

Նախորդը

Չըրչիլը Եւ «Յատուկ Յարաբերութեան» Ծնունդը

Յաջորդը

Սուրիական Հակամարտութիւնը Կրնայ Ապակայունացնող Ազդեցութիւն Ունենալ Թուրքիոյ Հարաւային Շրջանին Վրայ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.