Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Սէուտական Արաբիոյ նախորդ տարեշրջանի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Հիլալի հետ:
Նշուեցաւ, որ իր երկու տարուան պայմանագիրով Նէյմար պիտի ստանայ շուրջ 300 միլիոն եւրօ:
31 տարեկան ֆութպոլիստին այս փոխանցման առնչութեամբ, անոր ակումբը ոչ մէկ արգելք դրաւ, ինչ որ դիւրացուց անոր փոխանցման դասաւորումները:
Նշենք, որ ան 2013-2017 ժամանակամիջոցին մաս կազմելէ ետք Պարսելոնայի, փոխան 222 միլիոն եւրոյի տեղափոխուած էր մայրաքաղաքի կազմ:


