Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 9 օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգին, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթէն բխող հարցերուն եւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան:
Պայրամով ըսած է, թէ «Հայաստանը տարբեր պատրուակներով միտումնաւոր կը սրէ կացութիւնը եւ կը խոչընդոտէ խաղաղ հոլովոյթը` «շրջափակման» եւ «մարդասիրական ճգնաժամի» մասին յայտարարութիւններ տարածելով»:
Պայրամով ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ շարունակուող պահանջները անընդունելի են:
«Հայաստանը տակաւին կը հրաժարի ազրպէյճանական տարածքէն ամբողջութեամբ դուրս բերել զինեալ ուժերը եւ կը միջամտէ մեր երկրի ներքին գործերուն», ըսած է ան:
Պայրամով, ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, պնդած է, թէ «Հայաստանը կը շարունակէ սադրանքները» դեկտեմբերէն փակուած Բերձորի սահմանային անցակէտին դէմ, «մինչդեռ Ազրպէյճանը պայմաններ կը ստեղծէ Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով հայ բնակիչներու անցման համար»:
Նախարարին համաձայն, «Ազրպէյճան առաջարկած է Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.») ապրանքներու փոխադրման այլընտրանքային երթուղին, սակայն հայկական կողմը բեռներու փոխադրման համար ճամբաներուն խոչընդոտներ կը ստեղծէ եւ կը դրսեւորէ այդ ուղիով բեռնափոխադրումներու դէմ հակազդեցութիւն»:
Ըստ Պայրամովի, ատիկա «անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ «շրջափակման» եւ «մարդասիրական կացութեան» մասին հայկական կողմի յայտարարութիւնները միայն քաղաքական շահարկումներ են»:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու վերաբերեալ:
Ամերիկացի պաշտօնատարին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ շեշտած է, թէ 15 յունիսէն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը գտնուի լիակատար շրջափակման մէջ` բախելով սնունդի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու սուր պակասի:
Ան աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութեան շարունակական վատթարացումը ինքնին կը սպառնայ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած Հայաստանի եւ միջազգային ընտանիքի ջանքերուն` ընդգծելով գոյութիւն ունեցող մեքանիզմները լաւագոյնս օգտագործելու եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներուն համապատասխան Բերձորի միջանցքի արգելափակման անյապաղ վերացման անհրաժեշտութիւնը:


