Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ, արժանթինցի փաստաբան Լուիս Մորենօ Օքամփոյի` Արցախի նուիրուած վերջին զեկուցումը «կողմնակալ» որակած է` պնդելով, որ ատոր մէջ բազմաթիւ «չհիմնաւորուած պնդումներ ու մեղադրանքներ կան»:
«Զեկուցումը կողմնակալ բնոյթ ունի, անիկա կ՛աղաւաղէ տեղւոյն վրայ կացութիւնը եւ լուրջ փաստական, բովանդակային ու իրաւական սխալներ կը բովանդակէ», կը յայտարարէ Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը:
Օքամփօ Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային կացութեան մասին իր զեկուցումին մէջ յայտնած էր, որ տեղւոյն հայութիւնը, ազրպէյճանական շրջափակման պատճառով, փաստօրէն, ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուի:


