Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ընդունած է Ռուսիոյ նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովի հաւատարմագիրները:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այնուհետեւ երկրի ղեկավարը զրուցած է դեսպանին հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցային հոլովոյթի ներկայ վիճակը:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, Ալիեւն ու Ռուսիոյ դեսպանը նաեւ անդրադարձած են շրջանին մէջ իրականացուող ուժանիւթային եւ փոխադրամիջոցային ծրագիրներուն, մասնաւորաբար «Հիւսիս-հարաւ» փոխադրամիջոցային միջանցքի ստեղծման:


